Հոգե-մտաւոր

Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ կան բառեր, որոնք նոյնը մնալով հանդերձ էապէս մեծ փոփոխութիւններ կը կրեն եւ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի ժամանակի հաշուին. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, մեր ընկերութեան մէջ շատ օգտագործուող «նոր սերունդ» բառը, նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ դատապարտուած է հին սերունդ դառնալու՝ իր «նոր»ի տիտղոսը փոխանցելով զինք յաջորդողներուն:

ԹԱՔՈՒՆ ՈՒԺԻՆ ԿԱԴՐՈՆԸ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը, ամբողջ խորհուրդները, ամբողջ գաղափարները, ամբողջ զգացումները, ամբողջ կիրքը, ամբողջ կամքը։ Սիրտը՝ մարդուն գաղտնիքներով լեցուն աշխարհ մըն է՝ որուն մէջ պահուած ուժերը աւելի բուռն են քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։

ԱՀԱ՛, ՊԻՏ ԻՅՆԱՅ… Կ՚ԵՐԹԱՅ ԿՈՐ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ լոյս աշխարհ եկած ես որպէս հայ, ապա անպայմանօրէն լսած պիտի ըլլաս «մեզի» ու «ձեզի», «մեր» ու «ձեր»ի զաւեշտը. միասնութեան կոչուած հայ ժողովուրդը միշտ ալ իր մէջ ունեցած է այդ երկուութիւնը, որ նոյն բանին համար կը պայքարին՝ սակայն հիմնական պայքարը իրարու դէմ կը մղեն. մեր ազգին մէջ գրեթէ ամէն բանի շարքին «մեր»ն ու «ձեր»ը գոյութիւն ունի. անոնց մէջ կարելի է յիշել դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թերթը եւ գրեթէ ամէն բան՝ որ տարբեր գոյն ու երանգ կրնայ ստանալ:

ՀՐԱՇՔԻՆ ԲԱՆԱԼԻՆ ՀԱՒԱ՛ՏՔՆ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղ մը մէջ երկար ժամանակ անձրեւ չէր տեղար եւ երաշտ կը տիրէր։ Ուստի գիւղացիներ կը դիմեն գիւղի քահանային, որպէսզի գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքէ եկեղեցի եւ կատարուի հաւաքական աղօթք։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածին աշխարհիկ կեանքը դիւրի՞ն է թէ դժուար՝ յարաբերական է եւ կախեալ է անձի աշխարհը ըմբռնելու սահմանումներուն հետ. շատ շատեր աւելի արդիւնաւէտ կը նկատեն լաւատես կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ արարած շատ մը երեւոյթներ աւելի դիւրին կ՚ընդունի։

ՉԱՐԻՔԸ ԲԱՐԻՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մեր սխալներէն, այսինքն «մեղք»էն ծնած չարիքը կարելի է բարիքի վերածել՝ անդրադառնալով սխալին եւ զղջումով միայն։ Ո՛վ որ գիտակցօրէն, համոզումով, այսինքն կամաւոր կերպով եւ կամ կանխամտածութեամբ կը մեղանչէ, անիկա չի՛ կրնար թողութիւն գտնել, քանի որ ան Սուրբ Հոգիին հայհոյած է, ուստի անոր հոգիին մէջ չարիքը չի կրնար փոխուիլ բարիքի, այլ իր իսկ կորուստին պատճառ կը հանդիսանայ։

ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ ձեւերով կարելի է լուծել մեր հայկական գաղութներուն մէջ եղող հարցերը եւ ի պատասխան այս հարցին յառաջ կը քաշուին շատ մը առաջարկներ ու կարծիքներ, որոնք շատ անգամ իրապաշտ ըլլալէ աւելի վերացական գաղափարներ կ՚ըլլան լոկ. կարելի է բազմաթիւ լուծումներ թուել, սակայն այդ բոլորէն առաջ ու վեր կայ այլ դարման մը, որ աւելի բարձր ու կարեւոր է՝ քան միւս բոլոր լուծումներն ու առաջարկները. այդ լուծումը ախտի մը վերացումն է, որ անբուժելի հիւանդութեան մը գոյութիւն է գրեթէ մեր բոլոր գաղութներէն ներս. այդ ախտը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ աթոռապաշտութիւնը, որ փոխան միջոցի նպատակ որպէս կ՚ընկալուի շարք մը «ղեկավար» ըլլալու տենչը ունեցող կուսակցականներու եւ անհատներու համար:

ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բարի»ին կողմէ բարիքով ստեղծուած այս աշխարհի վրայ յաճախ դէմ յանդիման կու գանք «չար»ին եւ «չարիք»ին հետ։ Մարդկային միտքը, ուզէ չուզէ, կը զբաղի այս հարցով. քանի որ այս աշխարհը բարի նպատակով ստեղծուած է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ համար չարը եւ չարիքը գոյութիւն ունին։

ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային գոյապայքարին մէջ մարդ «որսալու» լաւագոյն առիթը դժուարութիւն ու թշուառութիւնն է. աշխարհի մեծագոյն կազմակերպութիւնները այդ մէկը լաւապէս գիտեն եւ երբեք առիթ բաց չեն ձգեր յայտնուելու այդտեղ՝ ուր ծնունդ կ՚առնէ դժուարութիւնն ու թշուառութիւնը:

ՄԱՐԴԱՍԷՐ ԸԼԼԱԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարին կամենալ եւ ոչ թէ չարը՝ մարդասէր բնութեան բարերարութիւնն է։ Արդարեւ, բարիին եւ մարդասիրութեան նախատիպարն է Աստուած, եւ թէ՝ Աստուած բարի կամեցող է. «Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը», կ՚ըսէ Քրիստոս. (ՅՈՎՀ. Զ 40)։

Էջեր