ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՈՒԱՆ ԽՈՀԵՐ
Երբ մահը կը խոցէ իր խայթոցով… «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ, ո՞ւր է Մա՛հ, քու խայթոցդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։ Ընտանեկան կեանքը երբեմն կը ցնցուի սիրելի անձի մը մահով։ Մենք պէտք չէ՛ դադրինք հաւատքին լոյսը ընծայելէ, ընկերակցելով այս պահերուն չարչարուող ընտանիքներուն։
Մահուան պատճառով սգաւոր ընտանիք մը լքելը՝ անգթութիւն է, հովուական օժանդակութեան առիթ մը կորսնցնել է եւ այս վարուելակերպը կրնայ մեր դռները փակել ուրիշ աւետարանական նախաձեռնութեան մը դիմաց։
Անշուշտ, կարելի է հասկնալ անոր տագնապը՝ որ կորսնցուց շատ սիրելի անձ մը, կողակից մը՝ որուն հետ շատ բաներու մէջ բաժնեկից եղաւ։ Թէեւ մահը չի՛ կորսնցներ սէրը, այլ աւելի եւս կ՚աճեցնէ, կը զօրացնէ, բայց եւ այնպէս, մահը կը խոցէ, տագնապ կը պատճառէ գոնէ միջոց մը եւ մխիթարութեան կը կարօտի։ Ուստի, Յիսուս անգամ յուզուելով՝ մահացած բարեկամը Ղազարոսի վրայ լացաւ. «Յիսուս լացաւ…» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 35)։ Ապա ուրեմն ի՜նչպէս չըմբռնել լացերը անոր՝ որ զաւակ մը, սիրելի մը կորսնցուցած է։
Որովհետեւ կարծէք, թէ անոր առջեւ ժամանակը կանգ առած ըլլայ, խորխորատ մը, վիհ մը բացուած, որ իր մէջ անցեալը եւ ապագան կուլ տայ։
Այս գէշութիւնը երբեմն նոյնիսկ կը վերագրենք Աստուծոյ, առանց խորհելու, թէ Ան երբեք գէշ կամ չար որեւէ բանի առիթ չի՛ տար։ Քանինե՜ր դէմ կը կանգնին Աստուծոյ, եւ պէ՛տք է հասկնալ զանոնք։ Յատկապէս այրիութիւնը դժուարին փորձառութիւն մըն է։ Սակայն, հարկ է, տարբերութիւնը նկատել «մինակ ըլլալ»ու եւ «առանձին ըլլալ»ու, որոնք տարբեր վիճակներ են. երանի՜ ամէն «մինակ» կարենայ ինքզինք «առանձին» զգայ…
Ոմանք, «այրիութիւն»ը ապրելու պահուն, իրենց եռանդը կը դարձնեն աւելի իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն վրայ, զանոնք աւելի՛ գուրգուրալով եւ սիրոյ այս արտայայտութեան մէջ կրթական նո՛ր առաքելութիւն մը գտնելով։ Անոնք, որոնք զուրկ են ընտանեկան անդամներու ներկայութենէն, որոնց նուիրուելով՝ անոնց մօտ սէր եւ մօտիկութիւն գտնեն, այսպիսիները քրիստոնեայ հասարակութեան կողմէ իւրայատուկ ուշադրութեամբ եւ տրամադրելիութեամբ օժանդակուելու են, մանաւանդ երբ չքաւորութեան մէջ ալ կը գտնուին…
Հանգուցեալներու սուգը կրնայ ընդհանրապէս երկար տեւել, իսկ սուգին ընթացքին մասնակցիլ ուզող հաւատացեալ մը, պէտք է յարմարի իւրաքանչիւր հանգրուանի կարիքներուն։ Սուգին ամբողջ ընթացքը հանգրուանուած է մահուան պատճառներուն վերաբերեալ հարցումներուն, թէ առ այս՝ ի՛նչ պէտք էր ընել, թէ անձ մը իր մահէն անմիջապէս առաջ ինչպէ՛ս կ՚ապրի։ Խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի շնորհիւ աղօթքին եւ ներքին ազատագրումին անկեղծ եւ համբերատար ապրումի մը։ Սուգի որոշ մէկ պահուն, հարկ է օգնել անոնց՝ սիրելի անձ մը կորսնցուցածներուն, թէ անոնք տակաւին առաքելութիւն մը ունին կատարելիք, ուստի, իրենց տառապանքը երկարել ուզելով՝ անոնք անոնց բարիք չեն ըներ, իբր թէ ասիկա մատուցուած «յարգանք» մը ըլլար։
Սիրելի հանգուցեալը ապրողներու տառապանքին կարիքը չունի. իսկ երբ ապրողներ իրենց կեանքը իրեն համար կը փճացնեն, ասիկա իրեն հանդէպ սիրոյ նշան մը չէ՛։ Ո՛չ ալ զինք յիշելը եւ ամէն րոպէ զինք անուանելը սիրոյ լաւագոյն արտայայտութիւնն է, քանի որ ասիկա արդէն գոյութիւն չունեցող անցեալի մը կառչիլ է, այժմ անդի աշխարհ գտնուող այս իրական էակը սիրելու փոխարէն։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409), մահը կ՚անուանէ որպէս «մարմին առանց հոգիի», այսինքն՝ «մ», «ա», «հ», այս իմաստով քրիստոնէական հասկացողութեամբ սխա՛լ է կոչել «ողբացեալ», այլ՝ «հանգուցեալ», քանի որ ան կը շարունակէ ապրիլ անդի աշխարհը, միայն վերջացած է ա՛յս աշխարհի կեանքը՝ որ արդէն ժամանակաւոր է, այսինքն ան՝ միայն ննջած է եւ պատրա՛ստ՝ յարութիւն առնելու մարմնապէս «վերջին օր»ը։ Ուրեմն, քրիստոնեայ ըմբռնումին ներհա՛կ է «ողբացեալ» որակումը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 4, 2026, Իսթանպուլ