Ի՜ՆՉ ԼԱՒ ԲԱՆ Է ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼԸ…
Ի՜նչ լաւ բան է ուրախ ըլլալը...
Եթէ երբեւէ նման արտայայտութիւն մը ունեցած էք, ապա աներկբայ ապրած ու ճաշակած էք մարդկային կեանքէն անբաժան եղող վիշտն ու տառապանքը. ձեզմէ ո՞վ մանուկի մը անմեղ վազքը տեսնելով չէ՛ ուզած անոր տեղ ըլլալ. ձեզմէ ո՞վ երբեւէ չէ՛ մտածած դարձեալ մանկանալ ու վերադառնալ այն օրերուն, ուր կեանքը շա՜տ աւելի անմեղ, անպարտ ու սիրելի էր: Վերջապէս յայտնի ու տարածուած միտք է, որ մարդ աւելիով կը սիրէ ու կը փնտռէ այն բոլորը՝ որ կը կորսնցնէ եւ մենք այդ մանկութիւնը ի սպառ կորսնցուցած ենք։ Երբեւէ պիտի չյաջողինք այդ մակարդակի «անհոգութեամբ» ապրիլ՝ կեանքի պայմանները ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ գտնուին: Ձուկը ջուրին կարեւորութիւնը կը զգայ միայն այն ժամանակ, երբ ջուրէն դուրս դրուի. մենք ալ այդ ձուկին պէս չենք գիտեր ի՛նչ է մանկութիւնը, ինչ է ուրախութիւնը՝ մինչեւ դուրս դրուինք ու դէմ առ դէմ գտնուինք կեանքին՝ որ հեռու է մեր երազած երանութենէն:
Իսկ չէ՞ր կրնար այնպէս ըլլար, որ ամենակարող Աստուած աշխարհի երեսէն վերացնէր չարը, վերացնէր վիշտն ու տառապանքը եւ իրապէս աշխարհը վերածուէր դրախտի... Այնպէս, ինչպէս ամէ՛ն գիրք ունի իր նախաբանը, այս աշխարհն ալ նախաբանն է մեր ապագայ երանութեան կամ դժբախտութեան, սակայն, պայմա՞ն է ապագայ երջանկութեան համար ջահակիրը ըլլալ այն դժբախտութեան՝ որ ամբողջ կեանք մը կսկիծի մէջ կը ձգէ։ Ամոքելու համա՞ր արդեօք Յիսուս Քրիստոս «Երանի՜» կարդաց մարդկային այդ տառապանքն ու վիշտը ապրողներուն՝ խոստանալով, որ «Երկինքի Արքայութիւն»ը իրենց է. Արքայութեան յոյսը ունենալով զոհե՞լ ուրախութիւնը. չէ՞ր կրնար այնպէս ըլլար, որ մարդ թէ՛ ուրախ ըլլար եւ թէ յաջողէր ժառանգել Երկինքի Արքայութիւնը:
Ամերիկացի գրող եւ փիլիսոփայ Ռալֆ Էմերսոն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երանի՜ այն մարդոց, որոնք տառապած են, որովհետեւ անոնց սիրտը բաց է եւ պատրաստ՝ հասկնալու կեանքի խորութիւնը»։ Երեւակայեցէ՛ք, որ ամէն մարդ առիթը ունենար իր մահէն մի քանի վայրկեան վերջ կարողութիւնը ունենար պատասխանելու հետեւեալ պարզ, սակայն, նոյնքան բարդ հարցումին. «Ի՞նչ է կեանքը»։ Վստահ եղէք, որ այդ հարցումին պատասխանին մէջ բացասականը, տխրութիւնն ու թախիծը շատ աւելի տեղ պիտի գտնէ՝ քան ուրախութիւնը։ Մենք կը պատկերացնենք, որ երկինքը պայծառ է եւ ժամանակ առ ժամանակ կ՚ամպոտի, սակայն, կան մարդիկ, որոնց համար երկինքը մի՛շտ ամպամած է եւ ժամանակ առ ժամանակ կը պայծառանայ։ Ուրախութեան եւ տխրութեան երկուստեք ըմբռնումն է, որ մարդը մա՛րդ կը դարձնէ: Մանուկ եղած ժամանակ ուրախութիւնը «պարտադրուած» ու «անգիտակից» հասկացողութիւն մը է, սակայն, երբ մարդ դառնայ մեծահասակ, այդ մէկը կը վերածուի արուեստի, որովհետեւ մարդ կը սկսի փնտռել եւ դարձեալ ձեռք բերել այն՝ ինչ որ մանկութեան ժամանակ անսահմանօրէն ունէր: Ուրախութիւնն ու տխրութիւնը արուեստ կը դառնայ, որովհետեւ նոյն ցաւը մէկը կը զօրացնէ, իսկ ուրիշ մը յուսահատութեան կը մատնէ. նոյն ցաւը մէկու մը համար ապագայի ուրախութեան սիւն եւ հիմք կը դառնայ, իսկ ուրիշի մը համար դժբախտութեան եւ այս մէկը մարդկային գիտակցութիւնը, բնաւորութիւնն ու ըմբռնումն է, որ կ՚որոշէ:
Աշխարհի մէջ «ուրախ» մարդ գտնելը այնքան ալ դիւրին իրողութիւն մը չէ, որովհետեւ ուրախութիւնը ո՛չ հարստութենէն կախեալ է եւ ո՛չ ալ ընկերութեան մէջ ներկայացուցած դիրքէն։ Աշխարհի ամենէն հարուստ մարդիկը՝ ո՛ր պաշտօնի վրայ ալ գտնուին ունին նեղութիւններ, մտահոգութիւններ եւ այդ մէկը կեանքի արդարութիւնն է։ Մարդոց նեղութիւնն ու կսկիծը իրենց ունեցած հարստութեամբ կամ պաշտօնով կարելի չէ՛ չափել. ամէն մարդու կսկիծը իր անձին համար տրուած փորձութիւն մըն է:
Արեւմտահայ յայտնի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան իր «Տարօրինակ մարդ արարած» բանաստեղծութեան երկրորդ տունին մէջ կ՚ըսէ. «Արցունքներուդ միգամածին խորին տմոյն, գիտես նայիլ արշալոյսի ճաճանչներուն...»։ Այդ արշալոյսի ճաճանչը ինչքան ալ փոքր ըլլայ՝ մարդ յոյսով կը նայի եւ իր արցունքներուն մէջ եւս կ՚ուզէ հասնիլ այդ լոյսին՝ որ ինքնին ուրախութիւնն է. «միգամածին» տրտմութեան վիճակին մէջ նոյնիսկ մարդ կ՚ուզէ հասնիլ ուրախութեան. մարդկային պայքարը իրականութեան մէջ այդ ուրախութեան հասնիլն է։ Մարդիկ հարստութիւն կ՚ուզեն՝ որովհետեւ կ՚ուզեն ուրախութեամբ ապրիլ, որովհետեւ կը կարծեն, թէ նիւթականը մարդկային մտահոգութիւնները թեթեւցնելով ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող բոլոր անարդարութիւններուն մէջ՝ ներառեալ գողութիւն, սպանութիւն... մարդ կ՚ուզէ բարձրանալ՝ որպէսզի հասնի ուրախութեան:
Աստուածաշունչը իր Հին եւ Նոր կտակարաններով բազմի՜ցս կ՚ըսէ. «Ուրախացէ՛ք»։ Հռմէացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք. «Արդ, յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ լեցնէ»։ Այս աշխարհի մէջ մարդու ուզած միակ ու կարեւորագոյն երկու բաներն են ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Նոյնիսկ պատերազմներ կը մղուին՝ խաղաղութեան հասնելու նպատակով։ Համաշխարհային գրականութեան մէջ յայտնի «Պատերազմ ու խաղաղութիւն» աշխատութիւնը վկան է, որ խաղաղութիւնը կը յաջորդէ պատերազմին... եւ այդ աշխատութեան մէջ կը կարդանք. «Մարդիկ սովորաբար ուրախութիւն կը փնտռեն աշխարհիկ փառքերու մէջ, մինչ ճշմարիտ ուրախութիւնը սրտի պարզութիւնն ու մաքուր զգացումներն են»։ Կը յիշէ՞ք, անցեալին մեր զգացումները շատ աւելի՛ ամուր, շատ աւելի մաքուր ու անմեղ էին՝ քան այսօր. պատճառը իր էութիւնը չփոխող աշխարհն է:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երջանկութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրող ժողովուրդ մը ո՛չ միայն ըմբոստութեան մասին չի մտածեր, այլ եւ իր մէջէն կը վտարէ խաղաղութիւնը խանգարողները:
ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան