ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԾ Է…
Աստուած մեծ է...
Վստահաբար բոլորս ալ այս արտայայտութիւնը գէթ մէկ անգամ լսած ենք մեր կեանքի ընթացքին, գուցէ նաեւ գործածած։ Աստուծոյ մեծութիւնը, անշուշտ, անառարկելի իրողութիւն մըն է, սակայն, մենք (միջինարեւելքցիներս) այս նախադասութեան իմաստը ամբողջութեամբ սխալ ձեւով հասկցած ենք։ Մեր ընկերութեան մէջ այս արտայայտութիւնը կը գործածուի որպէս «յոյս»ի արտայայտութիւն՝ ըսել ուզելով, որ Աստուած ի՛նք կը լուծէ մեր խնդիրները, մեր կեանքը կ՚առաջնորդէ եւ կ՚ընէ այն՝ ինչ որ մեզի համար լաւագոյնն է։ Շատերու համար այդ մէկը կ՚արտայայտուի «Աստուծոյ կամք» հասկացողութեամբ: Իրականութեան մէջ, դրական բան է Աստուծոյ ապաւինիլը, սակայն, պէտք է յստակեցնել որոշ հիմնական կէտեր, այլապէս այդ «վստահութիւն»ը կրնայ ինքնախաբէութեան մը վերածուիլ:
Շատ անգամ մարդ արարած պատասխանատուութենէն խուսափելու համար ամէն երեւոյթի դիմաց «Աստուծոյ կամքն է» արտայայտութիւնը կը գործածէ, առանց հասկնալու եւ մտածելու, որ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցող ամէ՛ն միջադէպ, ամէն եղելութիւն իրականութեան մէջ արդիւնքն է իր որոշումներուն, իր դիրքորոշումներուն, որովհետեւ Աստուած մարդուն տուած է մեծագոյն պարգեւը նկատուող ազատութիւնը։ Մարդ արարած յաճախ կը մոռնայ, որ իր կեանքի ճարտարապետը ի՛նք է եւ իր ազատ կամքով է, որ կ՚առաջնորդուի դէպի բարի կամ դէպի չար եւ այդ պատասխանատուութենէն հեռու մնալու համար կ՚օգտագործէ «Աստուած մեծ է» արտայայտութիւնը, որ շատ անգամ հաւատքէ աւելի վախ, անինքնավստահութիւն, մինչեւ իսկ ծուլութիւն կը խորհրդանշէ:
Բոլորս ալ կ՚ուզենք, որ մեր կեանքը ապրինք այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կը կամենայ, սակայն, այդ չի նշանակեր, որ մեր կեանքին մէջ պատահած իւրաքանչիւր դրական կամ բացասական երեւոյթ արդիւնքն է Աստուծոյ կամքին։ Եթէ այդպէս ըլլար, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր չարութիւն եւս մաս կազմած պիտի ըլլար այդ կամքին՝ ինչ որ հակասական է: Շատեր կը հաւատան, որ մարդկային կեանքի ընթացքին «եթէ Աստուած ուզէ՝ կ՚ըլլայ». եթէ այդպէս էր, ապա մարդուն պէտք չէր ազատ կամք, մարդուն պէտք չէ նոյնիսկ միտք. Աստուած ինք կը կառավարէր մարդոց կեանքը, աշխարհի վրայ չարը տեղ չէր ունենար եւ անասուններէն կը տարբերէինք միայն մեր ասուն ըլլալով։ Եթէ այդպէս ըլլար, ապա մեր զաւակները ուսումի ղրկելու կարիքը պիտի չունենայինք. նոր գիտելիքներով զարգանալու կարիքը պիտի չունենայինք, որովհետեւ վերջաւորութեան պիտի ըլլար այն՝ ինչ Աստուած պիտի ուզէր: Այո՛, Աստուած մեծ է, սակայն։ Աստուծոյ մեծութիւնը մեր կեանքի ընթացքը որոշել չի՛ կրնար։ Աւելի ճիշդ կրնայ՝ սակայն, Աստուած չ՚ուզեր այդ մէկը, որովհետեւ մարդ իր պայքարով, իր մաքառումներով պիտի հասնի յաջողութեան եւ իր սխալներով է, որ պիտի հանդիպի ձախողութիւններու։ Եթէ այս մէկը լաւապէս չհասկնանք, ապա զԱստուած անարդար կոչած կ՚ըլլանք, որովհետեւ մէկու մը յաջողիլը, իսկ միւսին ձախողիլը չի՛ կրնար ուզել Արդարը։ Իւրաքանչիւր կատարուած ձախողութեան դիմաց «Աստուած այսպէս ուզեց» կամ «Աստուծոյ կամքը այսպէս էր» ըսելը պարզապէս սնահաւատութիւն է եւ ո՛չ թէ հաւատացեալի երեւոյթ:
Յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած չեն մարդուն. Աստուած մարդուն տուած է ընտրութիւն. այդ ընտրութիւնը ունի բազմաթի՜ւ հակոտնեայ ճիւղաւորումներ. ինչպէս՝ չարն ու բարին, ընտրութիւն ճշմարտութեան եւ կեղծիքի միջեւ, ընտրութիւն պայքարելու եւ յանձնուելու միջեւ. այդ ընտրութիւններն են, որ կը փոխեն մարդու կեանքին ընթացքը: Մարդ արարած իր կեանքի դրուագներուն հանդիսատեսը չէ՝ այլ անմիջական մասնակիցն է, որոշողն է, խմբագրողն ու պատասխանատուն է: Մարդ արարած ամէն եղելութիւն Աստուծոյ կամքը նկատելու փոխարէն շատ աւելի լաւ բան ըրած կ՚ըլլայ, եթէ Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրէ իր կայացնելիք որոշումներուն համար։ Աստուած մարդուն տուած է խելք, միտք, ձեռք, ոտք, կամք, համբերութիւն ու ձգտում եւ հետեւաբար մարդ այդ բոլորը ի մի խմբելով է, որ պիտի շինէ իր ապագան:
Շատեր այս գաղափարը կը շփոթեն անհաւատութեան հետ. հաւատքը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ աւելի արթուն, աւելի ազնիւ, աւելի խիզախ եւ աւելի պատասխանատու դառնայ։ Հաւատքը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ ճի՛շդ որոշումներ կայացնէ եւ ճիշդ ըսելով կը հասկնանք բոլոր այն դրական երեւոյթները՝ ինչ որ կրօնը կը յանձնարարէ։ Արդ, մարդ արարած իւրաքանչիւր երեւոյթի դիմաց զԱստուած կամ ուրիշները մեղադրելու՝ պէտք է ինքն իր անձին տայ հետեւեալ հարցերը. «ի՞նչ կ՚ընեմ», «ի՞նչ կ՚որոշեմ», «ինչպիսի՞ քայլի կը ձեռնարկեմ»։ Մարդիկ կը ձախողին ո՛չ թէ որովհետեւ Աստուած չ՚օգներ, կը ձախողին, որովհետեւ չեն համարձակիր, չեն ձեռնարկեր, չեն ձգտիր:
«Աստուած մեծ է» արտայայտութիւնը ծնունդն է անորոշութեան, որովհետեւ մարդ իր անյայտ ապագան կ՚ուզէ վստահիլ Աստուծոյ, մինչ Աստուած կը սպասէ, որ մարդ ի՛նք գիտակցաբար կառուցէ իր ապագան։ Պատկերացուցէք երկու ճարտարապետներ. մին իր ուժերուն վստահելով կը սկսի քար առ քար շինել, իսկ միւսը անգործութեամբ նստած յոյսով կը սպասէ։ Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդ ի՛նք կառուցէ իր կեանքը, ի՛ր սեփական կամքով. նստելով ու յուսալով ո՛չ շէնք կը շինուի եւ ո՛չ ալ բան կը փոխուի կեանքի մէջ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդ
զգայ, որ ինքը ձիրք ունի ու շնորհք, որ ստեղծուած է գեղարուեստներու պաշտամունքին համար, եւ տեսնէ, թէ ինչպէս իր կամքին հակառակ կ՚անցնին օրերը ապարդիւն կեանքի չնչին գործերուն մէջ, ուժերը կը մնան առանց գործադրութեան եւ Աստուածային կայծը, որ հոգիիդ խորքը կը պլպլայ, չ՚արծարծեր ո՛չ մէկուն զգացումները. եւ ներշնչմանդ մտքերը, որ մթնշաղի առանձին վայրկեաններուն հոգիիդ եթերին մէջ կը զիկզակեն, անդառնալի ու անհետ կը կորչին անօգուտ. անօգուտ մարդկութեան համար, անօգուտ ապագային համար:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան