ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆ
Երկար ժամանակէ ի վեր նկատելի է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական պայքար գոյութիւն չունի, որովհետեւ ճշմարիտ քաղաքական պայքարը գաղափարի մը համար տարուած պայքարն է, որ ունի նպատակ, սկզբունք, ծրագիր եւ պատասխանատուութիւն, սակայն, երբ այդ պայքարը նպատակէն դուրս գալով, հիմնական գաղափարը մէկդի դնելով անձերու եւ աթոռներու համար տարուած պայքար ըլլայ՝ կը դադրի քաղաքական պայքար ըլլալէ: Տարուած պայքար մը քաղաքական պայքար կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ կը սկսի ծառայել հանրային շահին եւ ո՛չ թէ յատուկ խմբաւորման մը շահերուն: Հայաստանի մէջ կը տեսնենք, որ այսօր լուրջ պայքար կը մղուի այս կամ այն անձը իշխանութեան գլուխ բերելու համար՝ մոռնալով, որ ընտրութիւններուն պատճառը ո՛չ թէ այս կամ անձը պաշտօնի բերելն է, այլ երկրի բարօրութիւնը, հասարակաց շահերն են։ Այսօր Հայաստանի մէջ ժողովուրդի շահերուն փոխարէն պայքար կը մղուի Քոչարեանը, Փաշինեանը եւ ուրիշները պաշտօնի բերելու։ Բացայայտ է, որ մերօրեայ քաղաքական պայքարին մէջ բարոյական սկզբունքներ գոյութիւն չունին. սուտ, ատելութիւն, բաժանում, թշնամանք եւ մինչե՛ւ իսկ բռնութիւն:
Ճշմարիտ քաղաքական պայքարը հիմնուած է կառուցելու տրամաբանութեան վրայ. իւրաքանչիւր գաղափար շինելու, զարգացնելու եւ աւելի բարելաւելու սկզբունքին վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ՝ այնպէս, ինչպէս շինիչ քննադատութիւն մը, սակայն, երբ միայն բողոքի եւ ատելութեան տեղ տայ՝ քաղաքական պայքար ըլլալէ կը դադրի:
Քաղաքական պայքարին ինչ չըլլալը հասկնալու համար բաւարար է մի քանի վայրկեան աչքէ անցընել Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս քաղաքական գործիչներու կողմէ բարձրաձայնուած մանկապարտէզ յիշեցնող ելոյթները. ցեխարձակում. մին նախկին ղեկավարը գող կը կոչէ, ուրիշը ներկայ իշխանութիւնները հողատու կ՚անուանէ. այլ անձ մը հետաքրքրուած է, թէ ինչպէս այս կամ այն ղեկավարը՝ որ տակաւին մի քանի տարիներ առաջ «աղքատ»ութեան մէջ էր, այժմ մի քանի տուներու եւ փոքր հարստութեան մը տէր դարձած է: Պայքար՝ որպէսզի «բացայայտուի», թէ ո՞վ միւսէն աւելի յաջողած է գողնալ:
Հայաստանի ներկայ իշխանութեան քաղաքական ընթացքն ալ ամբողջութեամբ կարելի է սխալ նկատել, որովհետեւ ճիշդ քաղաքականութիւնը պարտի հեռու մնալ հետեւեալներէն.
ա. Ամէն բան պէտք չէ կառուցուի մէկ անձի շուրջ, որովհետեւ երբ ամէն բան անձի մը շուրջ կառուցուի, այդտեղ առաջնահերթ կը դառնայ ո՛չ թէ գաղափարը, ո՛չ թէ սկզբունքը՝ այլ անձը: Իւրաքանչիւր խմբաւորում պարտի մտածել, թէ ինչո՞ւ համար կը պայքարի եւ ո՛չ թէ «որո՞ւ համար»։ «Ղեկավարը հոս գնաց՝ ետեւէն երթամ»ի հոգեբանութիւնը, ամէն ըսածին կուրութեամբ ծափահարելու թերութիւնը առողջ քաղաքական սկզբունքներէ հեռու կը պահէ մարդը։ Սխալ չէ՛ որ մարդ համակրանք ունենայ ղեկավարին հանդէպ, սակայն, սխալ է այն համոզումը, որ եթէ այս քաղաքական կուսակցութեան անդամ ես, պէտք է լուռ համաձայնիս բոլոր այն գաղափարներուն, որոնք ղեկավարը կ՚առաջարկէ եւ կ՚ունենայ: Օրինակի համար, այսօր Փաշինեանը պաշտող անձերու եթէ հարց տանք, թէ ի՞նչ սխալներ ունի երկրի ղեկավար Փաշինեանը՝ պատասխան մը չես կրնար ստանալ։ Պահ մը ենթադրենք, որ Փաշինեանի քաղաքական դիրքորոշումները ճիշդ են. այս մարդը այդքան անսխալակա՞ն է… որ մինչեւ եկեղեցւոյ դէմ ունեցած իր արտայայտութիւնները, պայքարն ու ամօթը ճիշդ ու արդարացի կը գտնէք։ Այս մէկը տեղի կ՚ունենայ միայն ու միայն անձը պաշտելու ժամանակ՝ ինչ որ հեռու է քաղաքականութենէ:
բ. Քաղաքական ուժ մը անձնապաշտութենէն հեռու կը սկսի ըլլալ, երբ ունենայ յստակ ծրագիրներ. օրինակի համար, ահաւասի՛կ, Փաշինեանի երկրորդ շրջանը կը հասնի իր աւարտին եւ ան կ՚ուզէ իր երրորդ կառավարման ընթացքը ունենալ. աթոռը ուզելը բաւարար չէ. այդ ուզելը պէտք է ունենայ տրամաբանական պատճառներ՝ որոնք ծրագիրներ են։ Փաշինեան կ՚ըսէ. «Եթէ զիս չընտրէք, պատերազմ պիտի ըլլայ»։ Քաղաքացին նման խօսքերով համոզելը պարզապէս վախի ազդեցութեան մատնել է, որովհետեւ ղեկավար մը պէտք է միայն ու միայն իր ունեցած ծրագիրներով «հպարտանայ»։ Յիշեցնենք, հայ ժողովուրդը Փաշինեանը չընտրեց իր չնաշխարհիկ կարողութիւններուն համար. չընտրեց իր տեսքին ու «գեղեցկութեան» համար. ժողովուրդը նեցուկ դարձաւ, որովհետեւ հաւատաց այն ծրագիրներուն եւ խոստումներուն՝ որոնք Փաշինեան սկզբնական շրջանին բարձրաձայնեց.։ Այդ խոստումներուն ու ծրագիրներուն մէջ ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու յոյս մը կայ. այդ մէկն է, որ ընտրեց ժողովուրդը. եթէ այսօր կան Փաշինեանը չսիրողներ, ապա պատճառը պարզ է. չիրականացած խոստումներ. նաեւ անոնց վրայ աւելցող նորեր՝ սկսած «կարմիր գիծ»երէն հասնելով մինչեւ տնտեսական վիճակ, տուգանքներ եւ այլն:
գ. Քաղաքական ուժ մը ի սկզբանէ կարելի է ձախողած նկատել՝ երբ պայքարը սնուի միայն ու միայն ատելութեամբ։ Փաշինեանը սիրող անձի մը հետ խօսելու «բախտաւորութիւն»ը ունեցա՞ծ էք. առաջին կամ երկրորդ բառը, որ կրնաք լսել «Քոչարեան» կամ «Սերժ Սարգսեան» է, որովհետեւ անոնց պայքարը ո՛չ թէ սկզբունքի կամ գաղափարի համար մղուած պայքար մըն է, այլ անձի դէմ ատելութեան եւ վարկաբեկելու ընթացք մըն է պարզապէս՝ որ քաղաքական ո՛չ մէկ արժէք կը ներառէ իր մէջ:
Երկիրի մը քաղաքական պայքարը ոչնչութիւն կարելի է նկատել, երբ ժողովուրդը գործի տեղ միայն ու միայն մեծամեծ խօսքեր տեսնէ՝ առանց պատասխանատուութեան գիտակցութեան: Երբ երկրի ղեկավարը արտայայտութիւն մը կ՚ունենայ եւ մի քանի ժամ ետք «ես նման բան չըսի» կ՚ըսէ… պէտք է անոր քաղաքական աղքատութիւնը հասկնալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ պէտք է ունենայ պատասխանատուութիւնը իր բերնէն դուրս եկած իւրաքանչիւր խօսքին:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երգը
ցեղի մը ըղձանքներուն համադրութիւնն է, վերջնական ձեւը, որուն մէջ կ՚ապրին տառապանքը ու ուրախութիւնը: Դարերու ընթացքին մէջ, անոնք մեր միակ ազգային ինչքը եղած են երկար ատեն. քարերը ու արձանագրութիւնները անբարիշտ ու բարբարոս ձեռքերու միջոցաւ կրնան քանդուիլ, կրնան ոչնչացուիլ, մատեանները կրնան հրդեհուիլ, բայց երգը անմատչելի ու անեղծ կը մնայ, անիկա կը թռչի ու կը սաւառնի բոլոր մարդկային թշուառութիւններէ վեր ու հարկ եղած պահուն կը վերադառնայ մայրական շրթունքներու վրայ, օրօրը կ՚ըլլայ նորածին սերունդներուն, կը վերադառնայ սիրող սրտերու մէջ ու անոնց ականջին կը մրմնջէ կորսուած, հալածուած, մոռցուած սերունդներու բարբառով, կը վերադառնայ պայքարելու ու վերածնելու ընդունակ երիտասարդներու բերանը ու զիրենք կ՚արթնցնէ իրենց ամօթալի թմրութենէն, խանդավառութեան, անձնուիրութեան զոհողութիւններու հուրքը վառելով անոնց մէջ:
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան