Հոգե-մտաւոր

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ազգի խնդիրները լուծելու լաւագոյն ձեւը Պապի անսխալականութեան հասկացողութենէն դուրս գալն է, որովհետեւ ազգովին ունինք այն կարծիքը, թէ մեր ղեկավարները անսխալական են. անոնց այս կամ այն գործը քննադատելը սրբագրութիւն որպէս դիտուելու փոխարէն կ՚ընկալուի որպէս «դաւաճանութիւն». քննադատողը յանկարծ կը դառնայ ժողովուրդին թշնամին եւ կը հալածուի:

ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ըստ եկեղեցական իրաւաբանութեան՝ «նշանադրութիւն» կը նշանակէ պսակուելէ առաջ երկու կողմի համաձայնութեամբ կայացուած վճիռը՝ որով կը յայտարարուի ոեւէ աղջիկ «նշանած» տղու մը։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օր առաջ հայրենիքի մէջ մեր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանի հետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցանք՝ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի եւ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանի հետ. մեզ մէկտեղողը ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր ու հայ գրականութեան, հայ ազգին հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու մտահոգութիւնը:

ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՒ ՎԻԺՈՒՄ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուիլ յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէ՛տք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ, որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը։

ԵՐԲԵՔ ՉԸՍԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԿԷՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ծանօթ բարեկամ մը տարի մը առաջ պաշտօնով եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնեայ. այս գրասենեակը եկաւ փոխարինել ժամանակին յայտնի «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը, որ լուծարուեցաւ 2019 թուականին:

ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ՄԱՐԴ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին մասին արծարծուած հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ, վերջապէս մարդուն երեւումին մասին

«ԿԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այժմ կը կարդամ մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 1931-1932 թուականներուն Փարիզի մէջ լոյս տեսած գրական «Մենք» ամսագիրը, որուն մէջ կը տեսնենք Սարաֆեան, Շուշանեան, Շահնուր, Նարդունի եւ ուրիշ դէմքեր:

ԵՐԱՆԻ՜ ԱՆՈՐ ՈՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մարդուս հաւատքը եւ յոյսը, քան անոնց հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Հաւատալու հարցին, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ 

ԵՐԿՈՒ ԲԱՌՈՎ ԱԶԳԱՍԷՐ ԵՂՈՂՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ հոգեբանութեան ուսուցիչս կ՚ըսէր. «Ուրախութիւնը կարելի չէ տեսնել, որովհետեւ այդ մէկը արտաքին իրողութիւն մը չէ՝ այլ ներքին. կարելի է տեսնել ժպիտը՝ որ ուրախութեան արտայայտութիւնն է, սակայն կարելի չէ տեսնել ուրախութիւնը»:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հիւանդութիւնը եւ տառապանքը մարդկային կեանքը փորձի ենթարկող ամենածանր հարցերէն մին եղած է միշտ։ Հիւանդութեան մէջ մարդը իր անկարողութեան, իր սահմանափակումներուն եւ իր վախճանաւորութեան փորձառութիւնը կ՚ապրի։

Էջեր