ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան թեւակոխման համար հերթական ապացոյց. Ուզրա Զէյա համոզուած է, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը խոչընդոտ մը չէ, իսկ Ռուսաստանի ներկայութիւնը չի նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին համատեղ նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ սեպտեմբերի 1-ին, Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Մայր աստուածուհին. Անահիտէն Մարիամ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը։
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Անգլիոյ հիւրընկալմամբ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ո՛չ Արեւմուտքի համար կռնակը կը դարձնէ Արեւելքին եւ ոչ ալ Արեւելքի համար անփոյթ կը գտնուի Արեւմուտքի դէմ։
Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ խօսեցաւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին շուրջ:
Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ երէկ ժամը 18.00-ի դրութեամբ Ատրպէյճանի սահմանապահները արդէն հաստատուած են Հայաստանի սահմանակից Կիրանց գիւղի՝ սահմանազատուած մասին մէջ։ Կիրանցի քաղաքապետ Կամօ Շահինեան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «www.tert.am» կայքէջին։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյայի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը պատասխանատու է քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց գծով։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Իրանի մօտաւոր անցեալի արտահերթ նախագահական ընտրութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին սա առաջին բարձր մակարդակի ուղղակի շփումն է Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ։