ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՑՈՒՄ
Թուրքիա եւ ԱՄՆ Սուրիոյ պարագային կը խրախուսեն ներառական կառավարութեան մը ստեղծումը:
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ համատեղ հետաքրքրութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Էնթընի Պլինքընը հիւրընկալեց՝ Հաքան Ֆիտանի ներկայութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորագրեալ կլոպալ ֆորումը, որ հինգերորդն էր իր տեսակին մէջ։ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի տանտիրութեամբ նախատեսուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդին հերթական նիստը։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց երկու երկիրներու զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներու՝ շուրջ ամիս մը առաջ սահմանին վրայ ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Հարկ է նշել, որ Վիքթոր Օրպան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Երկօրեայ շփումներու ծրագրին կապակցութեամբ առ այժմ ոչինչ հաղորդած են Անգարայի աղբիւրները։
Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ուշագրաւ խմորումներ՝ միջազգային իրադրութեան պայմաններով:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանք հաստատուի։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս, շուրջ ամիս մը առաջ, պետական զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է սահմանին վրայ: