ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Վահան Կոստանեանի, Լաշա Տարսալիայի, Էլնուր Մամետովի եռակողմանի հանդիպումը, որ միտուած էր վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան։ Փոխ-նախարարները կարեւորեցին հանդիպման դրական ու շինիչ միջավայրը։ Սա Երեւան-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքի առաջին եռակողմանի հանդիպումն էր։ Փոխ-նախարարները ողջունեցին Հարաւային Կովկասի երկիրներու այս առաջին եռակողմանի շփումը՝ ընդգծելով, որ կողմերը ունին իրարու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ համագործակցութեան չիրականացուած ներուժ։

Հանդիպումը միտուած էր յառաջ մղելու ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս եռակողմանի համագործակցութիւնը՝ նպատակ ունենալով նպաստել տարածաշրջանէն ներս կայուն զարգացման ու բարգաւաճման։ Աւելին, կողմերը կը դիտարկեն, որ համագործակցութիւնը կրնայ խթանել ընդհանուր մարտահրաւէրներու հասցէագրումը եւ, ի վերջոյ, նպաստել Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման եւ արագընթաց զարգացման։

Երեւանի նման Պաքուէն եւս դրական գնահատականներ հնչեցին այս հանդիպման մասին։

Փոխ-նախարարներու հանդիպման բացումը կատարեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի, որ ընդգծեց Հարաւային Կովկասի ռազմավարական դերը, տարածաշրջանի ներուժը եւ համագործակցութեան տարբեր ձեւերը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ դրական լուծում մը պիտի ըլլար՝ Երեւանի եւ Պաքուի ԵԱՀՄ-ի Մինսքի խումբի լուծարման շուրջ համատեղ առաջարկով մը հանդէս գալը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025