ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ՆՈՅՆԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Թանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Փութին այս առթիւ շեշտեց Քաթարի ներդրումը Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Քաթար լուրջ որոշումներ կ՚առնէ հակամարտութիւնը լուծելու նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ Փութին շեշտեց, որ Տոհա Մոսկուայի առանցքային գործընկերներէն է նաւթի եւ կազի բնագաւառէն ներս։
Բանակցութիւններու ընթացքին Փութին մատնանշեց, որ կողմերու յարաբերութիւնները կը զարգանան եւ Քաթար Ռուսաստանի առաջնահերթ գործընկերներու շարքին է Մերձաւոր Արեւելքէ ներս։
Իր կարգին, Քաթարի էմիրը եւս շեշտեց, որ բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը։
Բանակցութիւններու առթիւ շեշտուեցաւ, որ երկու երկիրները հանդէս կու գան՝ ի նպաստ Սուրիոյ միասնութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկխօսութեան միջոցաւ իրավիճակի շուտափոյթ կարգաւորման։
Բանակցութիւններու ընթացքին Փութինի կողքին էին նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, դիւանագիտական խորհրդական Եուրի Ուշաքով եւ Չեչենիայի ղեկավար Ռամազան Քատիրով։
Բաց աստի, երէկ Մոսկուա այցելեց նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ ընդունուեցաւ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Արաղչի ռուսական կողմին յանձնեց Իրանի կրօնապետ Ալի Խամանէյի՝ Փութինին ուղղեալ պատգամը։ Արաղչի դիտել տուաւ, որ նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած է աշխարհի եւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։
Արաղչին հիւրընկալելու առընթեր, Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Մոսկուա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ այս շփումը տեղի ունեցաւ՝ Փարիզի մէջ կազմակերպուած ԱՄՆ-Ուքրայնա-Եւրոպա ձեւաչափով բանակցութիւններէն անմիջապէս վերջ։
Լաւրով եւ Արաղչի աչքէ անցուցին նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը, Կասպից ծովու կացութիւնը եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։
Արաղչի ընդունուեցաւ նաեւ Փութինի կողմէ։