ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԷՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ»
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շրջանին հայկական հանրային կարծիքի դատին յանձնած է իր նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս»։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ աւելի առաջ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը հրատարակած էր, ներկայիս արդէն նոր անակնկալ մը մատուցած է ընթերցասէրներուն։