ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ սկսած է յեղափոխութիւն մը։ Իր խօսքով՝ սա 2018 թուականին տեղի ունեցած յեղափոխութեան չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի։ «Եւ այս յեղափոխութիւնն ալ պիտի աւարտի ժողովրդական յաղթանակով», ըսաւ վարչապետը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի մէջ յայտնեց, որ տեղի կ՚ունենայ իրական Հայաստանի ընկերահոգեբանական յեղափոխութիւնը։ «Այս յեղափոխութեան առանցքային արձանագրումն է, որ վերջին քանի մը հարիւրամեակին առաջին անգամ միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր պետութիւնն ու մեր հայրենիքը նոյնական են։ Մեր հայրենիքը Հայաստանն է։ Պետութիւնը, ուր կ՚ապրինք նոյնպէս Հայաստանն է», ընդգծեց ան։

Մանրամասնելով իր խորհրդածութիւնները՝ վարչապետը շարունակեց. «Բացատրութիւնը հետեւեալն է. վերջին առնուազն վեց դարերուն մենք ապրած ենք իրավիճակի մը մէջ, երբ մեր հայրենիքը եղած է Հայաստանը, իսկ պետութիւնը Պարսկաստանը, հայրենիքը եղած է Հայաստանը, պետութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը, հայրենիքը՝ Հայաստանը, պետութիւնը՝ Ռուսական կայսրութիւնը, հայրենիքը՝ Հայաստանը, պետութիւնը՝ Խորհրդային Միութիւնը։ Եւ ինչպէս պարզ թուարկումը ցոյց կու տայ, պետութիւնը հիմնականին մէջ ատելի եղած է մեզի համար, իսկ հայրենիքը՝ սիրելի եւ խեղճ ու կրակ։ Եւ այս ընկերահոգեբանութիւնը մեզի համար դարձած է ձեռքբերովի ռեֆլեքս՝ ատելութիւն պետութեան եւ անոր բաղադրիչներու ու կառուցակարգերու դէմ, յուսահատ ու անկանոն սէր հայրենիքի նկատմամբ»։

Այս կէտէն սկսեալ վարչապետը նշեց, որ այսօր կայ պետութիւն ունենալու աննախընթաց բախտը։ Սա երբեք չէ եղած եւ օգտագործելու համար նախ պէտք է յաղթահարել պետութեան դէմ այդ մնացորդային ատելութիւնը։ Ասոր զուգահեռ ամէն ինչի պէտք է նայիլ պետական շահի տեսանկիւնէն՝ ընդունելով եւ ճանչնալով անոր գերակայութիւնը։ Ըստ Փաշինեանի, պետական շահ կը նշանակէ տնտեսական զարգացում, որու համար հարկաւոր է խաղաղութիւն եւ օրինականութիւն, իսկ այդ ամէնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է կրթութիւն եւ աշխատանք։

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու որեւէ փորձ կործանարար պիտի ըլլայ։ Արդարեւ, սա եղած է եւ պիտի ըլլայ արտաքին կարգ մը դերակատարներու ձեռքին գործիք՝ Հայաստանի պետութիւնը, անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը խոչընդոտելու համար։ Ան համոզուած է, թէ այս հանգամանքը շատ ուշ հասկնալի դարձած է։ «Մեր պետութեան յարատեւութիւնը ապահովելու այսպիսի բախտ մը երբեք չենք ունեցած», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ շուրջ երեսուն տարի Հայաստանի մէջ կառուցուած է պետութեան մօտել մը, որու, ըստ էութեան, ուղղութիւնը եղած է Ղարաբաղի հարցի լուծում։ «Այսինքն, մենք անկախ պետութիւն ստեղծած ենք ո՛չ թէ աւելի լաւ կեանքի, այլեւ Ղարաբաղի հարցի համար։ Սա քաղաքական իրողութիւն է, ինչ որ կը հաստատուի հետազօտութիւններով», նշեց Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ սա չ՚ըսեր որպէս քննադատութիւն, այլ կ՚արձանագրէ իբրեւ իրողութիւն, որովհետեւ բոլորը կամ առնուազն մեծամասնութիւնը հաշտ եղած են այդ մօտելին եւ նպատակադրման հետ։ 

Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան ըսաւ. «Մեր ըսելիքն է մեր ճակատագիրը կառավարելու առաջնային գործիքը։ Իսկ մենք կ՚ըսենք՝ Հայաստան-Ատրպէյճան նոր սրացում եւ նոր պատերազմ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ խաղաղութիւն»։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան կոչ ուղղեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բոլոր ուժերուն, որպէսզի ըլլան ծայրայեղ պատասխանատու, չընել յայտարարութիւններ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը հակասեն այս տրամաբանութեան կամ կասկածի տակ կը դնեն զայն։ Հարաւային Կովկասի պատմութեան նոր էջը այս երկու երկիրները պէտք է բանան միասին։

Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան ծրագրի 2024 թուականի կատարման զեկոյցի քննարկման աւարտին եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ խորհրդարանէն ներս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025