ՈՉ ԵՒՍ Է ՇԱՔԷ ՊԻՒՅԻՒՔՍԻՄՔԷՇԵԱՆ
Մեր համայնքը վերջին օրերուն ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է բազմամեայ ու բազմավաստակ կրթական մշակ Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան, որ սերունդներու դաստիարակութեան ճանապարհին ներդրուած ջանքերու եւ կատարուած զոհողութիւններու առումով իսկական ախոյեան մըն էր։ Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տասնամեակներ շարունակ ուրոյն դերակատարութիւն մը ունեցած էր, մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական անուններէն մին էր, որովհետեւ կ՚առանձնանար կրթական կեանքէ ներս ծաւալած անփոխարինելի գործունէութեամբ։
1930 թուականին Օրթագիւղի մէջ ծնած էր Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան (ծնեալ՝ Եանըքեան), որ թաղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ աւարտած էր նախակրթարանը։ Աւելի վերջ վկայուած էր Կեդրոնականէն։ Արդէն շատ երիտասարդ տարիքի մէջ նուիրուած էր կրթական ասպարէզին։ Գարակէօզեան տան եւ Էսաեան վարժարանին մէջ ուսուցչագործելէ վերջ, անցած էր Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, ուր ամբողջ 33 տարի անմնացորդ նուիրումով ծառայութիւն մատուցած էր, հասցուցած էր բազում սերունդներ։ Չորս տարի ալ եղած էր Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տնօրէնուհին, 1970-1973 թուականներուն։ Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեանի ջանքերով կազմակերպուած դպրոցական հանդէսները կ՚ունենային բացառիկ նշանակութիւն թէ՛ յայտագրի ճոխութեան եւ թէ ստեղծուած մթնոլորտի ոգեւորութեան տեսակէտէ։
Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան հանգստեան կոչուելէ վերջ ալ համայնքային շրջանակներէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի առարկայ դարձած էր։ Ան եղած էր միշտ հաճելի ներկայութիւն մը համայնքային ձեռնարկներու եւ այլ հաւաքոյթներու ժամանակ։
Ան թէեւ ունէր յառաջացած տարիք, սակայն, այդ հանգամանքը երբեք արգելք չէ, որ իր կորուստը ընկալուի անժամանակ։ Արդարեւ, կոչումի նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը զինքը արդէն կ՚անմահացնէ սերունդներու յիշողութեան մէջ եւ իր անունը ոսկէ տառերով արձանագրուած կը մնայ պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։
Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան վերջին շրջանին ունէր փխրուն առողջութիւն մը։ Անգամ մը ունեցած էր անկում եւ դարմանումէ վերջ որոշ չափով վերագտած էր իր առողջութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, վրայ հասած երկրորդ անկումի հետեւանքները եղած էին շատ աւելի ծանր եւ անդիմագրաւելի։ Երկուքուկէս ամիս բաւական բարդ շրջան մը անցընելէ վերջ, ան երեք ամիս ալ խտացեալ խնամքի տակ մնացած էր հիւանդանոցի մէջ։ Դժբախտաբար, մասնագէտներու ջանքերը եւ հարազատներու խնամքը անբաւարար մնացին Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեանի կեանքը փրկելու համար եւ ան իր վերջին շունչը փչեց՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ամբողջ սիրելիները՝ ներառեալ նախկին սաները։
Յուղարկաւորութեան բոլոր մանրամասնութիւնները վաղը պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։
Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեանի բարի հոգւոյն ու մեր անկեղծ խոնարհումը կը բերենք իր անթառամ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակներուն՝ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ-Իլտա Պիւյիւքսիմքէշեանին, Վաղարշակ-Եւա Պիւյիւքսիմքէշեանին, թոռնիկներուն եւ բոլոր հարազատներուն։