ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿԱԼՈՒԱԾԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ

Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ համայնքային մամուլը իրազեկեց՝ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի վերաբերեալ իրադարձութիւններու շուրջ։ Ամրան եղանակի ընդառաջ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դարձեալ ուշադրութեան առարկայ է Կազդուրման կայանը, որ շարք մը խնդիրներու բերումով վերջին տարիներուն չի կրնար հիւրընկալել փոքրիկները։ Դժբախտաբար, այս տարի եւս Կազդուրման կայանը պիտի չկարենայ բանալ իր դռները, սակայն, խնամակալութեան կողմէ հրապարակուած վերջին տեղեկութիւնները արդէն լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, թէ սա պիտի ըլլայ վերջին ամառը եւ 2026 թուականէն սկսեալ Կազդուրման կայանը դարձեալ պիտի հիւրընկալէ մեր համայնքի փոքրիկներն ու պատանիները։

Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն իրաւաբան Սարօ Պէնկլեան երէկ կարեւոր տուեալներ փոխանցեց համայնքային մամուլի նկատառման։ Այսպէս, Կազդուրման կայանի համալիրի շէնքերը կամ բաժանմունքները թէեւ ամբողջ մը կը կազմեն, սակայն, կալուածական արձանագրութիւններու մէջ չորս առանձին բաժիններու տեսք ունէին։ Այս հանգամանքը հիմնական խոչընդոտ մը դարձած է՝ Կազդուրման կայանի համալիրը վերամրապնդելու ճանապարհին՝ հաւանական երկրաշարժի մը դէմ դիմադրունակութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Խնամակալութիւնը իրաւական եւ վարչական գետնի վրայ խտացեալ աշխատանք մը ծաւալած է վերջին շրջանին եւ ուրախառիթ է, որ այդ բոլոր ջանքերը այժմ պսակուած են յաջողութեամբ։ Արդարեւ, այդ չորս առանձին բաժանմունքներու կալուածական արձանագրութեան միաւորման համար եղած դիմումները տուած են դրական արդիւնք։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն համապատասխան կարգադրութիւնները ըրած են եւ ներկայիս Կազդուրման կայանի համալիրի տարածքին միակ կալուածատէրը պաշտօնապէս դարձած է Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը։ Կալուածական արձանագրութիւններու բոլոր սահմանափակումներն ալ այսպէսով ջնջուած են եւ կալուածը ազատ կարգավիճակի մը տիրացած է։

Իրաւաբան Սարօ Պէնկլեան տեղեկացուց, որ այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ այլեւս Կազդուրման կայանի համալիրի ամրապնդման աշխատանքներուն առջեւ որեւէ արգելք չէ մնացած։ Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին կղզիներու վրայ շինարարական աշխատանքներ կատարել կարելի չ՚ըլլար՝ յառաջիկայ ամիսներուն խնամակալութիւնը գործնական քայլ մը պիտի չառնէ, սակայն, այդ ժամանակաշրջանը պիտի արժեւորուի թոյլտուութիւնները ձեռք ձգելու նպատակով։ Այժմու ենթադրութիւններով Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի համալիրի ամրապնդման գործնական շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին հոկտեմբերին։ Իրաւաբան Պէնկլեան այս փուլին շեշտեց, որ խնամակալութիւնը կը շարունակէ վճռականօրէն տրամադրուած մնալ այս կարեւոր ծրագիրը կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Հարկ է նշել, որ Սարօ Պէնկլեան, միեւնոյն ժամանակ, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը կը գլխաւորէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025