ԳՐԻԳՈՐ ՏԷՕՇԷՄԷՃԵԱՆ ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԵԾ ՊԱՏԻՒՆԵՐՈՒ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր յայտնի ազգայիններէն Գրիգոր Տէօշէմէճեան Կալաթասարայի ընտանիքէն ներս մեծ պատիւներու կ՚արժանանայ։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Կալաթասարայ լիսէի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքը։ Ըլլալով նոյն վարժարանի երէց շրջանաւարտներէն՝ Գրիգոր Տէօշէմէճեանն ալ մասնակցեցաւ՝ այդ նշանաւոր «Փիլաւի օրուան»։ Նկատի ունենալով, որ հաւաքին մասնակից երիցագոյն շրջանաւարտն էր Գրիգոր Տէօշէմէճեան՝ իրեն վիճակեցաւ խորհրդանշական եւ պատուաւոր պարտականութիւն մը։ Այսպէս, որպէս այս տարուան հաւաքի մասնակից երիցագոյն շրջանաւարտը՝ Կալաթասարայ լիսէի պատմական «Թէվֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ ան խորհրդանշանակ կոճղին գամեց այս տարուան տարեթիւով Կալաթասարայի զինանշանը։ Այս փուլին իրեն ընկերացաւ Կալաթասարայցիներու միութեան վարչութեան նախագահ իրաւաբան Մեթին Սինան Ասլան։ Շրջանաւարտից հաւաքը կը կազմակերպուի այս կառոյցին կողմէ։
Գրիգոր Տէօշէմէճեան մօտաւոր անցեալին արժանացած էր նաեւ Կալաթասարայցիներու միութեան պատուոյ մրցանակին՝ այդ հաւաքականութեան մատուցած ծառայութիւններու բերումով։ Տէօշէմէճեան, միեւնոյն ժամանակ, Կալաթասարայ մարզակումբի դիւանի անդամներու շարքին է, ինչպէս նաեւ Կալաթասարայի վաքըֆի հիմնադիր անդամներէն։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գրիգոր Տէօշէմէճեանը՝ մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ։