ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՊՏՈՅՏ

Վերջին օրերու արձակուրդէն օգտուելով Ֆէրիգիւղէն խումբ մը պտոյտ մը իրականացուց դէպի Ենիգիւղ։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու թաղի համանուն երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը համատեղ ջանքերով կեանքի կոչեցին այս ծրագիրը։ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի եւ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ ֆէրիգիւղցիները մասնաւոր փոխադրամիջոցով մեկնեցան Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որու շրջափակէն ներս անցուցին անմոռանալի օր մը։ Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քալայճեանն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեց ֆէրիգիւղցիները։ Օրուան տեւողութեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս սարքուեցաւ ճաշասեղան մը, բաց աստի՝ մանաւանդ երգչախումբի երիտասարդ անդամները հաճելի ժամանց ունեցան վայելելով իրարու անմիջականութիւնը։ Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան վերահսկած էին կարգադրութիւնները։

Օրուայ աւարտին բոլորը վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Ենիգիւղի եկեղեցիէն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025