ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթավերջին նախատեսուած լիսէներու մտից քննութեան՝ LGS-ի ընդառաջ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ունեցաւ իր երկրորդ հանդիպումը պոլսահայ վարժարաններու աշակերտութեան հետ։ Այս անգամ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ աշակերտներու հաւաքը, որուն մասնակցեցան Պէզճեան Մայր վարժարանի, Սահակեան-Նունեան, Տատեան, Լեւոն-Վարդուհեան, Եշիլգիւղի եւ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու աշակերտները, որոնց կ՚ընկերանային իրենց տնօրէններն ու ուսուցիչները։ Տղաքը մասնակցեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուած ժամերգութեան արարողութեան, որու ընթացքին լսեցին իր քարոզը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աշակերտութեան այս փուլին եւս յղեց իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքները։ Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերը աշակերտները շրջապատեցին ջերմօրէն՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ կեանքի կանաչ ճանապարհ։

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025