ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Էսաեան վարժարանի մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլը կը բնորոշուի խանդավառ հանդէսներով։ Վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարանի ընթերցման տօնը։ Երկու հանդէսներն ալ առանձնացան բացառիկ ոգեւորութեամբ՝ մանաւանդ, որ փոքրիկները իրենց ելոյթներով բուռն ծափահարութիւններու արժանացան։ Հանդէսներուն մասնակցեցան նաեւ աշակերտներու ծնողները, որոնք արդար ուրախութիւն ապրեցան իրենց զաւակներու արձանագրած յաջողութեամբ։

Երկու հանդէսներուն ալ ներկայ էին Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչաց կազմը, դպրոցի պատասխանատուները եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին փոքրիկ էսաեանցիները, որոնց ապագայ յաջողութիւններ մաղթեցին կրթական կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025