ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն տարեվերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ 

Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025