ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԵՂԵՂ

Համայնքային շրջանակները երէկ արցունքներու հեղեղով հրաժեշտ տուին Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն նորոգ հանգուցեալ Մելիքճան Զամանին։ Այս վերջնոյն անժամանակ կորուստը քանի մը օրէ ի վեր բառին բուն իմաստով սուգի մթնոլորտ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Համատարած ցաւի ու վշտի մթնոլորտին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Մելիքճան Զամանի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցաւ ծով բազմութիւն մը։ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մելիքճան Զամանի վերջին հրաժեշտը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ փութացած էր վշտակից ըլլալու ընտանիքին եւ մխիթարելու սգաւորները։

Եշիլգիւղի եկեղեցին եւ ամբողջ համալիրը լեցուած էին սգաւորներով, որոնց շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէին թաղի վարժարանի աշակերտները, որոնք իրենց սիրեցեալ տնօրէնի մեծադիր դիմանկարը կը կրէին։ Լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ կերոնակիրներ մոմեր ի ձեռին կանգնած էին՝ մինչ բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Մելիքճան Զամանի հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Բոլոր յուղարկաւորները սուգի ծանր պահուն փորձեցին բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձնել անժամանակ մահացած կրթական մշակի ընտանիքը։

Վերջին յարգանքի փուլին Մելիքճան Զամանի թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ կրթական գործունէութիւնը բոլորին կողմէ հերթական անգամ արժեւորուեցաւ բարձր գնահատանքով, սակայն, ափսոս, որ սա այլեւս քաղցր յիշատակներու շարքին կը դասուէր։ Յուղարկաւորներու դրական վկայութիւնները արդէն կը ցոլացնէին Մելիքճան Զամանի ապրած կարճ կեանքի հանրագումարը, որովհետեւ բոլորն ալ անոր վաստակին մասին, հեզահամբոյր նկարագրին մասին արտայայտեց ինչ-ինչ ապրումներու լոյսին տակ ձեւաւորուած մտքեր։

Կրօնական արարողութենէն վերջ, յարակից վարժարանի պարտէզին մէջ ալ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Մելիքճան Զամանի հրաժեշտին համար։

Այս բոլորէն վերջ, Մելիքճան Զամանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր խոնարհումը կը բերենք Մելիքճան Զամանի բարի ու ազնիւ յիշատակին առջեւ՝ խորազգած վշտակցութիւններ յայտնելով իր ամբողջ ընտանիքին։

 

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025