Եկեղեցական

ԱՊՐԻԼ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԵՄԲ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամանոր է այսօր։ Ժամը 24.00-ին, ժամացոյցի սլաքներու միացումով մեր ապրած օրերը կը կամրջուին Ամանորի հետ եւ անմիջապէս յետոյ ապրուած երկվայրկեանը արդէն իսկ կը դառնայ սեպհականութիւնը Նոր տարուան՝ բանալով նոր վարագոյր մը մեզ սպասող անծանօթ ապրումներու, նոր էջ մը սպասուած ապագայ օրերու ուրախ եւ տխուր պատահարները պատմութեան յանձնելու համար։

ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՀԵՐ

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Անցեալներս առիթն ունեցայ մասնակցելու երկու նորահասներու տօնածառ զարդարելու աշխատանքին եւ յիշեցի, թէ երբ նոյն տարիքի էինք, ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ այդ զարդարանքը կը կատարէինք:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի Ծննդոց բաժինը ստեղծագործութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.
«Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցերեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ 

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը կը ծնի բռնութիւններ եւ ոտնձգութիւններ:
Հայութիւնը փուշի վրայ: Հայ Երուսաղէմէն ահազանգ:
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամները Հայկական թաղամասն ու համազգային իրաւունքները յամառօրէն կը պաշտպանեն՝ զէնքի սպառնալիքներու դէմ:
Երեսուն դիմակաւորներու երէկուան ներխուժման եւ ահաբեկման հետեւանքով կան քանի մը ծանր վիրաւորներ:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դատապարտելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ԵՒ «NEWMAG»Ի ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի «Newmag» հրատարակչատան ստեղծագործական կազմը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տօնը։ Սա միեւնոյն ժամանակ համալիրի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԻՆ ՕՐԸ ԻՐ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին նախընթաց օր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ իրականութեան մէջ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային ու հիմնական լծակներէն մին է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ինքնին կրթական համակարգ մըն է։

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵՒ Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ, երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Էջեր