ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տասն կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ «Քրիստոսի պատգամն է, որ մենք ունենանք մեր արժէքները օգտագործելու վարպետութիւնը», ըսաւ ան։

Եկեղեցիէն ուղարկուած լուսանկարը՝ կը ցոլացնէ՝ արարողութեան յաջորդած խորանին վրայի նկարահանումը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025