Երկուշաբթի 28, Ապրիլ 2025
ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւններէն Տասն կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Տասն կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ քարոզ մը։ «Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ իմաստուն ըլլալու», ըսաւ ան օրուան պատգամին մէջ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղային խորհուրդը խորհրդարանին մէջ պահքի սեղան մը սարքեց ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025