Եկեղեցական

Տ. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ՇՈՂԻԿԵԱՆ՝ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈՔԹՈՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շողիկեանը, որ վերջերս փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է Անգլիոյ Նաթինկհըմի համալսարանին մէջ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԷՆԷՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ

Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ քննարկում մը։

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԻՐ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Պատմութեան անդաստանին մէջ որպէս խորարմատ ծառեր ներկայացող դէմքեր ոչ միայն իրենց վաստակով կը շարունակեն յիշատակուիլ, այլ նաեւ անդադար հոգեմտաւոր սնունդ կը հայթայթեն յաջորդող սերունդներուն։

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՔՀՆՅ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանը, որ Ֆորտհըմի համալսարանէն ներս Աստուածաբանական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան շաբաթավերջին ի տէր հանգած է Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Իր վախճանումին ցաւով անդրադարձած են Անթիլիասի աղբիւրները։

Էջեր