ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տօնը։ Սա միեւնոյն ժամանակ համալիրի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։