ՎԱՆՔԵՐԸ ԱՂԲԱՆՈՑ, ԻՍԿ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԾԷՍԵՐԸ՝ ԱՆԻՄԱՍՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան եկեղեցւոյ դէմ սկսած հալածանքները ներկայիս որոշ «դադար»ի շրջան մը կ՚ապրին, որովհետեւ իշխանութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ տակաւին եկեղեցին որպէս սրբութիւն ընդունող մեծամասնութիւն մը գոյութիւն ունի եւ անոր հանդէպ բացայայտ հալածանքը կրնայ քուէներու կորուստ արձանագրել։ Հետեւաբար, դադարի շրջան մը անհրաժեշտ էր՝ ընտրութիւններէն ետք սաստկացնելու համար հալածանքները: Սակայն կը զարմանանք, որ տակաւին կան անմիտներ, որոնք կուրաբար կը հաւատան, որ Փաշինեանի խնդիրը ո՛չ թէ եկեղեցւոյ, այլ զայն գլխաւորող կաթողիկոսի անձին հետ է։ Նախապէս դարձեալ խօսած ենք այս մասին, սակայն, այսօր եկած ենք որոշ փաստերով ներկայացնելու, որ Փաշինեանի կառավարութեան խնդիրը ո՛չ թէ կաթողիկոսին, այլ նոյնինքն եկեղեցւոյ գոյութեան հետ է: Եթէ կա՛ն յիմարներ, որոնք չեն հաւատար, ապա թող կարդան։
Նիկոլ Փաշինեան 2008 թուականին «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին մէջ հրատարակեց իր «Երկրի հակառակ կողմը» աշխատութիւնը. գործ՝ որ ներկայացուցած է գռեհիկ բառապաշարով, անբարոյականութեամբ եւ այլ բացասական երեւոյթներով: Սակայն, մեր նպատակը գիրքի քննադատութիւնը կատարելը չէ. մեր նպատակը անոր մէջէն դուրս բերել է հեղինակին՝ Փաշինեանին եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած զգացումներն ու գաղափարները։ Եթէ տակաւին չէ՛ք հաւատար, որ Փաշինեան եկեղեցին ատող եւ անոր կործանումը ուզող անձ մըն է, ապա բացէ՛ք աշխատութեան 15-րդ գլուխը, ուր «Կորսուող ինքնութիւն» խորագրին տակ պիտի կարդաք հետեւեալ տողերը.
«Ի դէպ, այն վանքում, որտեղ ապրել է իրենց սուրբը, եւ որը դիտակէտ է սուրբ սար Արարատի համար, այնքան աղբ կայ, որ դա կարծես ոչ թէ սրբատեղի է, այլ աղբանոց...»։ Մտածումը աւելի պարզ դարձնելու համար բացատրենք. վանքը՝ որ աղբանոց կ՚անուանէ Փաշինեան, հայ ժողովուրդի համար սրբութիւն հանդիսացող Խոր Վիրապի վանքն է՝ որ յայտնի է որպէս դիտակէտ Արարատ լերան, իսկ այն սուրբը՝ որուն համար Փաշինեան «իրենց» արտայայտութիւնը կը գործածէ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն է՝ որ տասներեք երկար տարիներ ապրած է այդ վանքին մէջ: Փաշինեանը Գրիգոր Լուսաւորիչը «իրենց»ը կը նկատէ՝ եւ ո՛չ «մեր»ը. կը խուսափի վանքի անունը յիշատակելէ եւ զայն որպէս Արարատ լերան դիտակէտ կը նկատէ. այլ խօսքով ո՛չ վանքի սրբութիւնը եւ ո՛չ այդտեղ ապրող Սուրբը՝ որ հայ ժողովուրդի մեծագոյն սուրբերէն մին է, անկարեւոր կը նկատէ:
Այս տողը կարդալով հանդերձ, ճշմարտութիւնը չտեսնող յիմարներ շատ կան։ Երբ այս տողերը կը մատնանշէի, հայաստանցի «մտաւորական» կին մը հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կը կատարէր. «Ամէն մարդ իր կարդացածը իր մակարդակով կը հասկնայ ու անոնց հետ կը պղտորէ մարդոց միտքը»։ Ոչխարի հոգեբանութեամբ ապրող այս կնոջ հարց. այստեղ «կարդացածը իր մակարդակով հասկնալ»ու ի՞նչ խնդիր կայ. գիրքը հրատարակուած է. բացէ՛ք էջը եւ կարդացէք. ապա եթէ քիչ մը տրամաբանութիւն ունիք, փորձեցէք վերլուծել. ո՞րն է այն վանքը, որ Արարատ լերան դիտակէտ կը հանդիսանայ. Խոր Վիրապը չէ՞. ո՞վ է այն «իրենց» սուրբը, որ ապրած է այդտեղ. Գրիգոր Լուսաւորիչը չէ՞։ Կարդացէ՛ք շարունակութիւնը... «ոչ թէ սրբատեղի է, այլ աղբանոց...»։ Բացէ՛ք գիրքը եւ ձեր աչքերով կարդացէ՛ք. այդ տողերուն հեղինակը Փաշինեանը չէ՞։ Գիրքը հրատարակուած է եւ ամէ՛ն մարդ կրնայ բանալ կարդալ եւ ստուգել։ Մարդոց միտքերը «պղտորել»ու կամ ուրիշը մեղադրելու, ամբաստանելու պարտաւորութիւնը կամ միտումը չունինք։ Գիրքը դրուած է բոլորին առջեւ, բացէ՛ք, կարդացէք եւ վերլուծական մը կատարեցէք:
Ի դէպ, պէտք չէ մոռնալ, որ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու սկզբնական շրջանին իր համացանցի էջին մէջ հանրութեան հետ կը բաժնէր իր աղանդաւորական միտումները:
Անշուշտ, այս գիրքը կը կարեւորենք, որովհետեւ գրուած է 2008 թուականին. երբեւէ աղերս չունի Բագրատ սրբազանի «Սրբազան պայքար»ին կամ եկեղեցւոյ 2020 թուականէն ետք Արցախի մասին ունեցած արտայայտութիւններուն հետ:
Անշուշտ, կարելի է այլ մէջբերումներ եւս կատարել. օրինակի համար, 2012 թուականին Փաշինեան իր հետ կատարուած մէկ հարցազրոյցին մէջ խօսելով իր ամուսնական կեանքին մասին՝ կը յայտնէ, որ եկեղեցական պսակադրութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ այդ մէկը «փաստացիօրէն ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի»։ 2012 թուականին հրապարակուած է հարցազրոյցը, զոր վարած է Սիրանուշ Եղիազարեան: Եկեղեցական արարողութիւնը անիմաստ նկատողը, Խոր Վիրապը աղբանոց անուանողը, Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս «իրենց» սուրբը որակողը ելած է Եկեղեցին փրկելու.. եւ մի քանի տասնեակ կոյր մարդիկ ծափերով կը հաւատան, որ Փաշինեանը եկեղեցին պիտի փրկէ։ Ի դէպ, յիշեցնենք, որ Փաշինեանը պաշտօնի եկած է նաեւ Արցախը «փրկելու». յոյսով ենք եկեղեցին եւս այդ «փրկութեան» արժանի չի դառնար:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հոգեւոր արժէքներու միասնութիւնը միասնական հայրենիքի գաղափարական նախապայմանն է:
ԴԱՒԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան