ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Սուրբ Յարութեան տօնական շրջանի օրերուն մուտքն է «Ղազարու յարութեան յիշատակ»ը։ Փրկագործական այս հրաշալի եղելութեան անմիջապէս կը յաջորդէ «Ծաղկազարդ»ը՝ որ յիշատակութիւնն է Յիսուսի առաջին անգամ մեսիաբար Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքին։ Ինչպէս ուրիշ ազգերու մէջ, նոյնպէս եւ հայ գրականութեան մէջ անիկա յաճախ կը կոչուի «Արմաւենեաց կիրակի», ակնարկութեամբ աւետարանական պատմութեան։
«Ծաղկազարդ» կամ «Ծառզարդար» կոչումը կը թուի ըլլալ վերջամնացութիւնը հին հայ հեթանոսական բարքերու՝ որոնց ցոլացումը կայ՝ Սուրբ Յարութեան «Զատիկ» անուան մէջ։ Ասիկա կը յիշեցնէ գարնան տօնի բնապաշտական հին հանդիսութիւնները…
Ծաղկազարդը պիտակաբար կը կոչուի նաեւ «Գալուստ», իբրեւ մեսիաբար գալուստը Փրկչին Երուսաղէմ եւ չարչարանքներու։ Այս պատճառով անոր կը կցուի նաեւ Քրիստոսի երկրորդ կամ վերջին գալստեան յիշատակը՝ որ կը կատարուի երեկոյի պաշտամունքի միջոցին՝ «Դռնբացէք»ի խորհրդաւոր արարողութեամբ, ի պատկեր վերջին դատաստանին եւ աստուածային անշեղ արդարութեան։
Ծաղկազարդի յաջորդող եօթնեակը կը կոչուի «Աւագ շաբաթ» եւ անոր ամէն մէկ օրը՝ «Աւագ»։
«Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է, միթէ մեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։ Ահա ես տեսայ, կ՚ըսէ Տէրը». (ԵՐԵՄ. Է 11)։ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին տաճար կ՚երթայ. «Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները, եւ ըսաւ անոնց.- Գրուած է թէ՝ Իմ տունս աղօթքի տուն է՛. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 45-46)։
Արդարեւ, ամէն շրջանի՝ տարբեր ձեւերով, տարբեր տեսարաններով կարելի է տեսնել նոյն անցուդարձը ընդհանրապէս, որը կը մտահոգէ նախանձախնդիր եւ գիտակից ամէն հաւատացեալ։ Աստուծոյ տունը՝ աղօթքի տուն է եւ ո՛չ թէ անձնական շահեր ապահովելու առեւտուրի վայր…
Պատմական տեսակէտէ՝ Երուսաղէմի տաճարը չէր սահմանափակուած միայն մէկ շէնքով։ Ան շինութիւններու համալիր մըն էր՝ համախմբուած ընդարձակ ուղղանկիւն հարթավայրի մը վրայ, կեդրոնական սրբարանի մը շուրջ՝ որը բաղկացած էր երկու սրահներէ՝ Սրբարանը եւ Սրբութիւն Սրբոցը։ Սրբարանը սահմանափակուած էր գօտիներով, որոնք ցած խաւի մարդոց արգիլուած էին շատ մօտենալ անոր։ Կեդրոնին՝ քահանաներու գաւիթն էր, ապա հրեայ տղամարդերու գաւիթը, այնուհետեւ հրեայ կիներու եւ, վերջապէս, շուրջբոլորը՝ հեթանոսներու։
Ահա այս տարբեր գաւիթներու մէջ վաճառք կ՚ընէին այն մարդիկ՝ որոնց մասին կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՐԿ. ԺԱ 15)։ Անոնք, զոհագործման համար նախատեսուած կենդանիներ կամ արմտիք վաճառողներ էին եւ մանաւանդ՝ լումայափոխներ, որովհետեւ տաճարին մէջ միայն հրէական դրամ կ՚ընդունուէր։ Հռովմէական դրամը պիղծ համարուելով, մեծ մասամբ կ՚օգտագործուէր առեւտրական գործարքներու համար։
Յիսուս նախորդ օրը երեկոյեան ուշադրութեամբ դիտած էր այդ բարեպաշտիկ գործունէութիւնը՝ որով կլանուած էին բոլորը։ Բայց ան, աւելի քան ուրիշները, կարող չէր տանիլ այդ դրութիւնը։ Բեթանիայի մէջ՝ որ մայրաքաղաքէն մի քանի քիլօմեթր հեռու էր, մի քանի գիշեր անցընելէ յետոյ, վերադառնալով Երուսաղէմ, ան տաճարի շրջափակին մէջ լեցուած է Աւետարանի յայտնի ամենասաստիկ զայրոյթով։
Յիսուսի այդ արարքը, սակայն, միակ չէ՛։ Այն ունի իր փառաւոր նախընթացները։ Անոնցմէ առաջ մարգարէները մէկը միւսի ետեւէն դէմ կանգնած էին այդ բանի, ինչ որ տեղի կ՚ունենար տաճարին մէջ։ Կրօնական պարտականութիւններու կատարման մէջ անոնք մատնանշած էին ցուցաբերած բարեխղճութիւնը զոհեր մատուցանողներու, որոնց սիրտերը, սակայն, հեռու էին Աստուծմէ։
Երեմիա մարգարէ իր ժամանակակիցներու ուղղած էր հետեւեալ հարցը՝ որ Յիսուս կը կրկնէ. «Միթէ աւազակներու որջ եղաւ իմ այս տունը, որու վրայ կոչուած է իմ անունը». (ԵՐԵՄ. Է 11)։
Յիսուս կը դատապարտէ կեղծաւորութիւնը, մանաւանդ ոչ-հրեաներու հանդէպ դրսեւորուող կեղծաւորութիւնը։ Եւ երբ խօսքը «կեղծաւորութեան» մասին է, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք Ծաղկազարդին անմիջապէս յաջորդող Աւագ շաբթուան եւ Յիսուսի չարչարանքներուն։ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին զԱյն փառաբանող, ուրախութեան աղաղակներ բարձրացնող եւ յետոյ Անոր չարչարանքներուն ատելութեան ձայներով մասնակցող ժողովուրդը նոյն ժողովուրդը չէ՞ր. ահաւասիկ կեղծաւորութեան յայտնի օրինա՛կ մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 27, 2026, Իսթանպուլ