«ԲԱԽՏ» Կ՚ԱՆՈՒԱՆԵՆ ՈՄԱՆՔ…

«Բախտ» կ՚անուանեն ոմանք կարգ մը յաջողութիւններ, բարեպատեհ երեւոյթներ, չեն խորհիր, թէ այդ «բախտ» ըսուածին մէջ կան իմաստութիւն, աշխատանք եւ մարդկային փորձառութիւն։ Բայց, երբ այդ իմաստութեան, աշխատանքի եւ փորձառութեան բուն պատճառին մէջ խորանանք, հոն պիտի նկատենք Գերագոյն իմաստութիւնը, փորձառութիւնը եւ կարողութիւնը։ Ամէն բան պատճառ մը ունի, ինչ որ գիտական ճշմարտութիւն մըն է ասիկա։

Բայց ամէն պատճառ, անպայման նախապատճառ մը ունի։ Երբ գտնենք, ճանչնանք այդ նախապատճառը՝ այն ատեն պիտի նկատենք, որ որեւէ արդիւնք բախտի հետեւանք չէ՛։ Իրաւ է, թէ կեանքի մէջ կան դժբախտութիւններ ալ, որոնք յաճախ կը հեգնեն մարդկային փորձառութիւնը եւ իմաստութիւնը։ Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ եւ անտեսել, թէ ի՛նչ որ մարդիկ դժբախտութիւն կը կոչեն, յաճախ ասպար մըն է՝ որուն ետեւ վատօրէն կ՚ապաստանին աշխատանքէ վախցողներ, հաճոյքը պարտականութենէն վեր դասողներ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չունեցողներ, ծախքը եւ եկամուտը հաւասարակշռելու փորձառութիւն եւ կարողութիւն չունեցողներ, կամ իրենց պերճանքին եւ հաճոյքին համար անհաշիւ մսխումներ ընողներ։

Եւ իրապէ՛ս հրաշք մը պէտք է համարել, որ այս տեսակ բացուածքներ ունեցող նաւ մը անմիջապէս չի խորտակուիր։

Աշխատանքի մէջ «ուղղամտութիւն»ը, թերեւս հեգնական քմծիծաղ մը երեւան բերէ ոմանց դէմքին վրայ։ Բայց լաւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար անհրաժեշտ է ուղղամտութեամբ աշխատիլ, քանի որ եթէ պատճառը ուղիղ եւ շիտակ է՝ արդիւնքն ալ ուղիղ եւ շիտակ կ՚ըլլայ։

Երբ շատեր գործի մէջ ճարտարօրէն խօսուած սուտ մը առեւտուրի մէջ անհրաժեշտ պայման մը կը նկատեն, եւ «խորամանկ խաբէութիւն»ը մաքրակրօններու մէկ ծայրայեղութիւնը եւ կամ բորբոսած նախապաշարում մը պիտի սեպուի, որ չի՛ կրար բնաւ տեղ մը ունենալ ուղիղ առեւտուրի մէջ, եւ ուստի զանիկա յաջողութեան պայման նկատել առնուազն միամտութիւն կը համարուի։

Այս սխալ, անճիշդ եւ վնասաբեր մտայնութիւնը դժբախտաբար շատ գետին գտած կը տեսնուի մարդկային հասարակութեան մէջ։

Եւ այնպիսիներ իրենք զիրենք «բախտաւոր» կը նկատեն. հեգնական չէ՞…

Աշխարհի ամէն կողմերուն մէջ եւ ամէն շրջանին ճշմարտապէս յաջողութիւններով լեցուն կեանքը եւ վկայութիւնը այդ սխալ համոզումին հակառակը կը հաստատեն։ Այս կերպով, ուղղամտութիւնը, առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, նպատակակէտը, պայմա՛ն մըն է ճշմարիտ յաջողութեան եւ մանաւանդ՝ առանց վստահելու բախտ կոչուած մտացածին երեւոյթին, բաւական է, որ մարդ քաջաբար եւ յարատեւօրէն զայն իր աշխատութեան մէջ կիրարկելու կորովը եւ հաստատամտութիւնը ունենայ։

Ուստի, մարդ պէտք է վստահի եւ ապաւինի իր ուղղամտութեան ամէն գործի մէջ եւ ո՛չ թէ իր «բախտ»ին։ Արդարեւ, հնօրեայ անգլիական առած մը կ՚ըսէ. «Ուղղամտութիւնը լաւագոյն աշխարհավարութիւնն է»։ Անտարակոյս, անցեալի ուղղամիտ եւ պարտաճանաչ ուսանողը կրնայ ներկայի յաջող մարդը ըլլալ՝ ինչ ասպարէզի մէջ ալ տանի իր աշխատանքը եւ գործը։

Յաջող մարդը իր ունեցած հարստութիւնը, վարկը եւ պատիւը, դիրքը ընդհանրապէս իր կարողութիւններուն, նոյնքան ալ իր ուղղամտութեան եւ ուղիղ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու իր որոշումին կը պարտի, ուր «բախտ» անուանուած երեւոյթը տեղ չունի՛…

Երբ խօսքը «բախտ»ի մասին է, այս առթիւ «բախտախաղ»երը, թղթախաղ եւ այլն, կամ «գրաւ»ները յինքեան հակառակ չեն արդարութեան։ Անոնք սակայն բարոյական անընդունելի եւ վնասակար կը դառնան, երբ անձը կը զրկեն իր եւ ուրիշներուն կարիքները հոգալու անհրաժեշտ ինչքերէն։ Խաղին կիրքը կրնայ ծանր ստրկացումի վտանգ դառնալ։ Գրաւ դնելը անարդարօրէն կամ խաղի ատեն խարդախելը կրնայ ծանր յանցանքի առիթ տալ, բացի եթէ տրուած վնասը ըլլայ այնքան թեթեւ, որ վնաս կրողը զայն տրամաբանօրէն կարեւոր վնաս չհամարի։

Կեանքի մէջ կարեւորը անկեղծ ըլլալ, ուղիղ ըլլալ եւ վստահիլ իր անկեղծութեան եւ ուղղամտութեան՝ որ ուղիներ են, ճամբաներ մարդը ազնուացնելու, առաքինի անձ ընելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 26, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2026