ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 9-րդ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան արժանացաւ։ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որու մասնակիցները առաւօտուն նախ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները, որոնց շարքին էր նաեւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան։ Հանդիպման ներկայ էին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մատրան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանն ու երէցկինը։ Անոնք իրենց նորածինին հետ եկած էին Պատրիարքարան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «Իսթանպուլ» նիւթով լուսանկարչութեան մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ի յիշատակ հաստատուած այս միջվարժարանային նախաձեռնութիւնը հերթական անգամ փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց հրէից խախամապետարանը։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեվայի կողմէ, որուն թրքահայ համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց՝ հրէից Պասեքի տօնին առթիւ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Ապրիլի 24-ին, հայոց սրբադասեալ նահատակներուն համար մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ շատ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամներն ու սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները: