Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպեց քէրմէս մը։ Աւանդական երկօրեայ այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ դպրոցին զօրակցութիւն ապահովելու նպատակին տեսակէտէ։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած քէրմէսը իրականացուեցաւ ատենապետուհի Լետա Չիֆճեանի գլխաւորած կազմին կողմէ, որու մէջ էին՝ Թամար Քարաքաշ, Լիզա Էրչելիք, Լետա Աղտաղ, Թալին Պոզթաշ, Սեդա Էվլիք, Տէօնիս Թաշհան, Ժանէթ Արծիւեան, Նաթալի Օքթայ, Պանու Էօզտեմիր, Հիլտա Աւատան, Թանիա Պարլաք, Գուգար Այտըն, Գարոլին Քեպապճը, Թալար Մելէք, Իլտա Աշճը եւ Մելիքէ Էօղրէթ։
Քէրմէսի այցելուները սպառեցին՝ Ս. Զատկի տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէնները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ դրուած էին։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025