ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ հիւրընկալեց Փարիզի արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արէտ Թահմիզեանը։ Ծանօթ է, որ անցեալ Ծաղկազարդին Լուսաւորիչ երգչախումբը Առնուվիլի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարած էր։
Մեր համայնքի հեղինակաւոր ու համակրելի մեներգիչներէն Արթիւր Պաղտասարեան նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահէն ներս։ Ան մասնակցութիւն բերաւ՝ «Ժամանակներու մէջ երաժշտութեամբ ուղեւորութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած ծրագրի մը։ Պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի առընթեր, այս ձեռնարկի յայտագրին մասնակցեցան սոփրանօ Շէնիզ Էրտինչ եւ դաշնակահարուհի Պուրճու Էրսին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի հայերու ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը եւ Յակոբ Թորոսօղլուն։
Գարակէօզեան տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Սա յատկանշական ուղեւորութիւն մըն էր տղոց տեսակէտէ՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Գարին Պալ-Տեմիրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն Պերճ Քէօշէեանը, որ եղած է նախկին պոլսահայ մը։ Գերմանաբնակ հիւրին ընկերացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Նուարդ Էտիրնէ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Փարիզ, ուր ունեցան շուրջ հինգ օրուան կեցութիւն մը։ Վարժարանի անգլերէնի ակումբէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան այս ուղեւորութեան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճըն եւ Լիանա Պենլին, որոնց միացած էին լիսէի բաժնի աշակերտներէն Թայիս Տողանճըօղլուն, Օլիվիա Աչըքկէօզն ու Միքայէլ Յովհաննիսեանը։