Թրքահայ կեանք

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս տարի եւս Ամանորի շրջանին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Զանազան փուլերով ծրագիր մը մշակուած էր ու որպէս եզրափակիչ՝ Կաղանդի հանդէսը իսկապէս բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալֆաեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ամանորի հանդէս մը, որու բոլոր մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ամանորը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ։ Ակումբին կողմէ՝ քաղաքիս զանազան հայահոծ շրջաններուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից զանազան սերունդներէ մարզիկները տարեմուտի խանդավառութիւնը լիուլի ըմբոշխնեցին՝ վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խրախճանքներով։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱԿԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔՈՎ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Այս վերջինը Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն է, իր կենսունակութիւնը երիտասարդութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է, սակայն ապահոված աշխուժութիւնն ու ձգողականութիւնը ընդհակառակն, որովհետեւ այս երիտասարդ տարիքին իսկապէս փորձառու հովիւի մը ձեռքբերումներուն կը հասնի։

Էջեր