ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, որ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքները հասած են իրենց աւարտին։ Ուստի, խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման շուրջ։
Բաց աստի, թաղականները յիշեցուցին, որ 2025 թուականը կը համընկնի Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակին։ Այսպէս, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ ստացաւ յոբելենական ծրագրին շուրջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իր նկատառման յանձնուած մանրամասնութիւններուն համար։ Ան բարձր գնահատեց Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը՝ Աքսել Թոփալեանն ու գործակից ընկերները շնորհաւորելով՝ վերջին ձեռքբերումներուն կապակցութեամբ։ Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տուաւ իր օրհնութիւնը, որպէսզի Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները ըլլան յարատեւ։