ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒՀԱՆՐ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Մինչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սրբադասած է 1915-ի նահատակները, ամէն տարի 24 Ապրիլին կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ալ այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին թէ՛ 1915-ի բոլոր զոհերը հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եւ թէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութիւնը խնդրուեցաւ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընթերցեց՝ 24 Ապրիլի առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հրապարակուած եւ Նորին Ամենապատուութեան հասցէագրուած պատգամը, որու հրապարակումը արդէն ձեւաւորուած նախընթաց ունի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025