Ուրբաթ 30, Մայիս 2025
ՊԱՐԸՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընը։ Զրոյցի ընթացքին Վազգէն Պարըն նշեց, որ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի շիրմին համար պատրաստած է նախագիծ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ յատակագծին եւ իր գնահատանքը արտայայտեց հոգելոյս հոգեւորականի յիշատակին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան համար։ Կը ծրագրուի շիրիմը պատրաստել մինչեւ վախճանեալ սրբազանի մահուան առաջին տարելիցը, որ պիտի նշուի նոյեմբերի վերջաւորութեան։
Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025