ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին ոգեւորութեամբ նշեց թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրը։ Այս մեծ համախմբումով անգամ մը եւս սահակեանցի սերունդները տողանցեցին իրենց սիրեցեալ վարժարանի համալիրէն ներս։

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն եւ յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ շրջանաւարտները համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Քարին Աքալի։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան, Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու եւ սանուց միութեան վարչութեան փոխ-ատենապետ Արման Եսայեան։ Բաժակի պահուն բոլորի մաղթանքն էր դպրոցին յարատեւութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, յոբելեար շրջանաւարտները առանձնայատուկ վերաբերմունքի արժանացան, ստացան յուշանուէրներ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց երաժշտական կատարումներով։

Սահակեանցիները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025