«ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՅԲԲԵՆԱՐԱՆԻՆ»
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի մեծերու խումբի «Գարուն» դասարանի տարեվերջի հանդէսը նշանաւորուեցաւ բացառիկ բարձր տրամադրութեամբ՝ քանի փոքրիկները ունեցան յաջող ելոյթներ, նաեւ ջերմ զգացումներ արտասանեցին իրենց կրթական մշակներուն նկատմամբ։ Հանդէսի աւարտին անոնք ստացան իրենց ուսումնական կեանքի առաջին վիճակացոյցը։
Բաց աստի, դպրոցի առաջին դասարաններու տարեվերջի հանդէսն ալ բնորոշուեցաւ՝ ստեղծուած ուրախութեան մթնոլորտով։ «Հրաժեշտ այբբենարանին» խորագրեալ հանդէսի ընթացքին փոքրիկները հանդէս եկան ելոյթներով։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան զանոնք շնորհաւորեց՝ գրաճանաչ դարձած ըլլալու առթիւ։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան փոքրիկներու ծնողները, կրթական մշակներ, դպրոցի պատասխանատուները եւ հիւրեր։