ERVAB ԵՐԷԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ մարզական փառատօն մը, որ կը համախմբէ նոր սերունդէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջին այցելեցին նոյն կղզիի յունաց ամառնային ճամբարը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետ Շահինար Պոշնաքը։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Ժպիտ Ալլահվերտեան վկայուած է Իսթանպուլի թեքնիք համալսարանի Ուսողութեան ճարտարագիտութեան բաժնէն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտներէն Առէն Թովմաս Գարթուն յաջողած է մուտք գործել Ռոպերթ քոլէճ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին, ամրան շրջանին նոր սերունդի ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ցրուիչը, որ թերթերը ամէն օր կը հասցնէ Գարագիւղ, Գումգաբու, Սամաթիա, Պաքըրգիւղ եւ Եշիլգիւղ, անակնկալօրէն գործողութեան մը ենթարկուելու պարտաւորուած է։
Դերասանուհի, թատերական գործիչ Պերճուհի Պէրպէրեանի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։