ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Երէկ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Ոտնլուայի կարգը իրականացուեցաւ՝ նախագահութեամբ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը, հետեւելով Տէր Յիսուսի օրինակին, թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներէն բաղկացեալ փոքրիկներու եւ պատանիներու ոտքերը լուաց խորանին վրայ՝ մինչ ներկայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ ստեղծուեցաւ իսկապէս խորհրդաւոր պատկեր մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Տրդատ աւ. քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2026