Ուրբաթ 3, Ապրիլ 2026
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ
Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Աւագ հինգշաբթիի առթիւ, առաւօտուն մատուցուեցաւ Ընթրեաց Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։ Յետմիջօրէին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգ՝ նոյնպէս հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։ Ընդհանրապէս Էսաեան վարժարանի աշակերտներէն բաղկացեալ մանուկներու եւ պատանիներու ոտքերը լուաց հայր սուրբը խորանին վրայ՝ հետեւելով Տէր Յիսուսի օրինակին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2026