ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒՀԱՆՐ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Մինչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սրբադասած է 1915-ի նահատակները, ամէն տարի 24 Ապրիլին կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ալ այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին թէ՛ 1915-ի բոլոր զոհերը հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եւ թէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութիւնը խնդրուեցաւ։
Գումգաբուի մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած աւանդական այցելութիւններուն առթիւ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին գիրքերէն մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները» անուանուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ Ս. Զատկի սեղան մը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զատկական ճոխ տօնակատարութիւններ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը հաղորդ դարձան տօնական հրճուանքին։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Ս. Զատիկը։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները զիրար շնորհաւորեցին եւ տօնական ուրախութիւնը բաժնեցին աւանդական հաւկթամարտերով։
Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար, որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ոտնլուայի արարողութեան նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Ս. Զատկի տօնի ընդառաջ կազմակերպուած հանդէսը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։