ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈԳԵՒՈՐ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ խրատականին մէջ տօնական աւետիսով ողջունեց հաւատացեալները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց երգչախումբին կողմէ, որ հերթական անգամ սրբազան երաժշտութիւնը մեկնաբանեց գերազանցօրէն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026