ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն գրող Վահան Տէրեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը։ Տէրեանի բանաստեղծութիւնները նոր իմաստ գտան, նոր ներշնչանքի առիթ դարձան՝ աշակերտներու շուրթերէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Հռոմէն կը վերադառնայ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին մասնակցած էր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան արարողութեան, որու ընթացքին ներկայացուցած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեց թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրը։ Վարժարանի հանդիսասրահը դռները լայն բացած էր զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համար։
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին սկիզբ առաւ՝ մագնիսացնելով համայնքային մարզասէր շրջանակներուն ուշադրութիւնը։ Այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուած է մրցաշարքը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Ռուբէն Սէմէրճեանի։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ ուշադրութեան կիզակէտին պահել ճատրակը։ Շաբաթավերջին, ակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու ուղղեալ մրցաշարք մը, որ համախմբեց 33 մարզիկ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը վերջին օրերուն կազմակերպեց նախաճաշ մը, որ տեղի ունեցաւ «Marmara Yelken» մարզակումբի սրահին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց քաղաքիս հայաբնակ զանազան թաղերէ կանայք, որոնք միասնաբար ողջունեցին ներկայ ամառնամուտը։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց թրքահայութեան մասին։ Այս պարբերաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ «AGBU Magazine» անունով, վերջին թիւը յատկացուցած է մեր համայնքին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը բազում երեսակներով մանրամասնօրէն ներկայացուած է «AGBU Magazine»ի կողմէ։
Թուրքիոյ մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի 9 մայիսը կը նշուի՝ որպէս Եւրոպայի օր։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէն թատրոնի փառատօնը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։