ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն համախմբուեցաւ երկու ուրախ հանդէսի առթիւ, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այդ հանդէսներէն մին Մէրամէթճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար էր, իսկ միւսը՝ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջին։
Մխիթարեանի ընտանիքը վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ ապրեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պարզէտին մէջ կազմակերպուած հանդէսը փառաշուք տօնախմբութեան մը համազօր էր՝ քանի զուգադիպեցաւ Մխիթարեանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան վերջին օրը:
Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի նուիրեալ կրթական մշակներէն Գարին Աթաօղլու Պողազիչի համալսարանի Կրթական գիտութիւններու ֆաքիւլթէէն ներս պաշտպանած է տոքթորականի թեզ մը։
Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն ձեռնարկած հակաեկեղեցական արշաւին։
Նորոգ հանգուցեալ ազգային երախտաշատ բարերար, համայնքային փորձառու վարիչ եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կորուստով պայմանաւորուած տխրութիւնը շաբաթավերջին ալ զգալի էր թրքահայ կեանքէն ներս։
Շիշլի մարզակումբը այս տարի եւս կազմակերպեց ամրան ճամբար մը։ Հէյպէլի կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս քառօրեայ ծրագիրը, որուն մասնակցեցան ակումբի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ցաւով արձագանգեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ցաւալի դէպքերուն։ Ան դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚աւարտի այս շաբաթավերջին։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքին։ Այս տարի եւս տօնակատարութեան մը համազօր էր Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր փայլուն երեկոյթով մը հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի 37 շրջանաւարտները յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ առին Տատեանէն, որ իրենց ուսումնառութեան առաջին փուլին հարազատ երդիք մը հանդիսացած էր իրենց համար։