«ՄԵԾ ԶԵՂԾՈՒՄՆԵՐ»

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2026 թուականի Ս. Զատկի տօնը բնորոշուեցաւ՝ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ կազմակերպուած համայնքային ընդունելութեան ժամանակ ծագած գայթակղութեամբ։

Երէկ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը պոլսահայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պատարագեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Արամ արք. Աթէշեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալները լեցուցին այն բոլոր եկեղեցիները, ուր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։

Յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հոգեւորականաց դասէն այլ անդամներ։ Նորին Ամենապատուութինը ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, համայնքային վարիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը՝ բոլորը ողջունելով տօնական աւետիսով։ Ան թէեւ զանազան նիւթերու անդրադարձաւ, սակայն, հաւաքոյթի տեւողութեան ստեղծուած մթնոլորտը արդէն բոլորովին տարբեր կացութեան մը ծնունդ տուաւ Գումգաբուի մէջ։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու առաջին փուլին բացատրութիւններ տուաւ Ազգային հիւանդանոցէն ներս վերջին շրջանին կատարուած հսկայական ներդրումներուն շուրջ։ Ան շեշտեց, որ այդ բոլորը աստղաբաշխային գումարներով կեանքի կոչուած ծրագիրներ են։ Պատկան մարմիններուն կողմէ համապատասխան կանոնադրութիւններու մէջ կատարուած փոփոխութիւններու համաձայն՝ հիւանդանոցի ամբողջ հրդեհաշիջման համակարգը ենթարկուած է արդիականացման։ Բաց աստի, սրտաբանութեան, ուռուցքաբանութեան եւ շողային բուժումներու բաժանումները կա՛մ նոր կը հաստատուին կամ կը կատարելագործուին հիմնովին։ Շիրինօղլու նշեց, որ այս բոլոր ներդրումները մօտաւոր ապագային հիւանդանոցի համակարգին մէջ պիտի ընդգրկուին եւ ծառայութեան պիտի անցնին։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի յաչս պետութեան կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու հարցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Մենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ մեզի համար նախատեսուած զգեստին մէջ տեղաւորուած ենք։ Այդ հագուստը երբեմն հանգիստ է, երբեմն ո՛չ»։ Ան աւելցուց, որ առանց իրաւաբանական անձ մը դառնալու՝ Պատրիարքարանը չի կրնար առողջ տեղեկութիւններ ունենալ համայնքային վաքըֆներու եկամուտներուն եւ ելքերուն շուրջ։ Յամենայնդէպս, Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց նաւը չտանիլ ընկղմելու եւ ապահովել համայնքային կեանքի յարատեւութիւնը։

Այս կէտին վրայ Պետրոս Շիրինօղլու յիշեցուց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը տասնամեակներէ ի վեր համայնքին կը ներկայացնէ իր հաշուետուութիւնը։ Սա կ՚ըլլայ ամէն տարի մանրամասն ու կանոնաւորաբար։ «Մեր միւս բոլոր վաքըֆներէն ալ կ՚ակնկալենք նոյն թափանցիկութիւնը», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ այս կէտէն սկսեալ զգայացունց պնդումներ յառաջ քշեց համայնքային կեանքին կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ համայնքային բազմաթիւ վաքըֆներ ազգապատկան կալուածներ վարձու տալու ժամանակ, պայմանագրերու մէջ նուազ ցոյց կու տան իրենց գանձած ամսական գումարները։ Նոյնպէս համայքային վարժարաններու պարագային ուսուցիչներու ամսաթոշակները պաշտօնական արձանագրութւիններու մէջ նուազ ցոյց կը տրուին։

Շիրինօղլու ցաւով ընդգծեց, որ թաղային խորհուրդներու կողմէ, իրենց թաղերու աղքատախնամ մարմնին մօտ արձանագրուած անձերը չեն ուղարկուիր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց՝ խուսափելու համար ծախսերու միայն 25 տոկոսը դիմագրաւելէ եւ այդ անձերը կ՚ուղարկուին պետական հիւանդանոցներ։

Ստեղծուած բանավէճի մթնոլորտին մէջ Պետրոս Շիրինօղլու ըսաւ. «Մեծ զեղծումներ կան»։ Այդ չարաշահութիւններու ակնարկելու զուգահեռ՝ Շիրինօղլու շեշտեց, որ ազգապատկան կալուածներու պարագային գանձուած վարձքերը անհաւասարակշռութեան տեսք մը կը պարզեն։ Իբրեւ օրինակ՝ ան դիտել տուաւ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը Գոց շուկայի մէջ ունի կալուածներ, որոնց պարագային շուրջ 20 միլիոն լիրա վարձք կը ստանայ, իսկ այլ համայնքային հաստատութիւններ նոյն վայրի կալուածներու պարագային իրենց գանձածը ցոյց կու տան շուրջ 40-50 հազար լիրա։ Ատենապետ Շիրինօղլու այս բոլորի հիման վրայ զգուշացուց, որ եթէ յանկարծ պատկան իշխանութիւններու կողմէ ստուգումներ ըլլան, կացութիւնը մերկանայ, ապա համայնքին տեսակէտէ ահաւոր գումարներով տուգանք վճարելու անհրաժեշտութիւնը կրնայ ծագիլ։

Շիրինօղլու նշեց, որ ERVAB-ի հովանիին ներքեւ կը գործեն կալուածոց ու ելմտական յանձնախումբեր, որոնց աշխատանքը պէտք է զիրար համալրէ։ Յամենայնդէպս, համայնքային վաքըֆները կը խուսափին ճշգրիտ տուեալներ մէջտեղ դնելէ։

Հաւաքոյթի տեւողութեան ստեղծուեցաւ բանավէճի մթնոլորտ։ Խօսք առին զանազան դէմքեր՝ ներառեալ Սեւան Սվաճըօղլու։ Ի վերջոյ, որոշուեցաւ անցնիլ աջահամբոյրի եւ այսպէսով տօնական ընդունելութիւնը եզրափակուեցաւ։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2026