Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։