ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՐՈՎ ՈՒ ՊԱՐԵՐՈՎ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամառնային ճամբարի տնօրէն Տիմանտի Քումվոփուլոսն ու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Թէ՛ յիշեալ ճամբարի եւ թէ դպրոցի սաներն ալ ներկայ էին հաւաքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Մասնակիցներու շարքին էր մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ վերջին տարիներուն կը համակարգէ հայ եւ յոյն համայնքներու համագործակցութիւնը, որպէսզի ամրան արձակուրդի շրջանին եղբայրական կապերը ամրապնդուին երկու համայնքներու միջեւ։ Արդարեւ, նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը վերանորոգութեան մէջ կը գտնուի՝ մեր համայնքին աշակերտները հնարաւորութիւն չեն ունենար ամառնային ճամբարի կարելիութենէն օգտուելու։ Արի Չոլաքի ջանքերով այս խնդիրը կը յաղթահարուի մասամբ, որովհետեւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաներուն կը բացուին յունաց ճամբարի դռները։ Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի հայոց եւ յունաց պատրիարքարաններու հաւանութեամբ եւ օրհնութեամբ։

Ս. Զատկի տօնին յաջորդած երէկուան հանդիպման ընթացքին, ներկաները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ հոգածութեան համար։ Տղաքը երգերով ու պարերով ոգեւորեցին մթնոլորտը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան առթիւ։ Ան հերթական անգամ ողջունեց՝ հայ եւ յոյն մանուկներու նոյն ճամբարի երդիքին տակ ամառնային արձակուրդի մասնակցիլը։ Ան յիշեցուց, որ կազդուրման կայանը ակամայ փակ կը մնայ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ յոյն համայնքի Գնալըի վանքի ճամբարը կը փոխարինէ մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Մանուկներու երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը կարեւոր է բոլորիս համար», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ գնահատելով Տիամանտի Քումվոփուլոսն ու գործակիցները։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւոր երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին նկատմամբ։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը մանուկներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, նաեւ յանձնեց յուշանուէրներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2026