ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ներկայ տարեմուտը աւանդական հրճուանքով դիմաւորեց՝ մանաւանդ Մէրամէթճեան վարժարանի հանդէսներով։ Թէ՛ մանկապարտէզի եւ թէ նախակրթարանի բաժնի տղաքը առանձին հանդէսներ կատարեցին՝ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։