ՍԵԲԱՍՏԱՀԱՅՈՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՆԱԽԱՃԱՇ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սեբաստահայերու նախաճաշը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն: Սեբաստահայոց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որ համախմբեց Սեբաստիայէն սերած բազմաթիւ ընտանիքներու ներկայացուցիչները, ինչ որ առիթ դարձաւ աւանդութիւններու վերականգնման:
Առաւօտուն, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը: Սեբաստացիներու հաւաքին մասնակիցները եւս ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ: Յաւարտ Ս. Պատարագի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան՝ ի Տէր հանգած բոլոր սեբաստահայերը, քաղաքի բարեյիշատակ հոգեւոր հովիւները եւ այլն:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սեբաստացիները համախմբուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ: Բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս փուլին՝ քանի համաքաղաքացիներու այս համախմբումը անմիջական զրոյցներու եւ երգերու, պարերու մթնոլորտին մէջ ընթացաւ: