ԹՐՔԱՀԱՅ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿԸ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ակադեմականներու հարթակի անդամները։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծուած է այս հարթակը, որու մասնակից ակադեմականները միջոցէ մը ի վեր ուսումնասիրական աշխատանք կը տանին՝ խոշորացոյցի տակ առնելով պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ցանցը, նաեւ վարժարաններու աշակերտներու ընդհանուր դիմագիծը։
Սոյն ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ պատրաստուած առաջին տեղեկագիրը երէկուան հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ակադեմականները զրոյցի ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին, որ աշխատանքը կը շարունակուի եւ իրենք պարբերաբար տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնեն ընթացքին շուրջ՝ մանաւանդ հաւաքագրուած տուեալներուն եւ անոնց վերլուծութեան առումով։